Wednesday May 22, 2013

Պաղըշ. «Ֆրանսայի Մէջ Ցեղասպանութեան Ժխտման Վերաբերեալ Նոր Օրինագիծի Մասին Որոշում Չկայ»

By adminx - Wed Sep 26, 7:45 am

Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ երէկ անդրադարձած է Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծի մշակման հաւանականութեան` յայտնելով, որ Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը իրադարձութեանց զարգացման կը հետեւի:

Ան պնդած է, որ տակաւին նոր օրինագիծի վերաբերեալ որեւէ որոշում չկայ:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ, երեսփոխան Վալերի Պուայէ յայտնած էր, որ «օրինագիծը անգամ մը եւս խորհրդարանի օրակարգ պիտի մտցնեմ: Մենք տակաւին յոյս ունինք: Առայժմ կը հետեւինք, թէ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պիտի կատարէ՞ իր խոստումը, թէ՞ ոչ: Ան յայտարարած էր, որ օրինագիծը օրակարգ պիտի մտցուի: Սակայն այսօր Թուրքիոյ նկատմամբ այլ քաղաքականութիւն կը վարէ»:

Ֆրանսայի արդարադատութեան նախկին նախարար Էլիզապեթ Կիկու թրքական «Հապեր7»-ին յայտնած էր, որ «Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ մերժուելէ ետք, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող նոր օրէնքի մը որդեգրումը դժուար կը թուի»: Ըստ անոր, նախընտրելի է Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա նոր յարաբերութիւններու վրայ ծանրանալ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement