Հայոց Բանակը Նոր Զոհ Մը Եւս Կու Տայ
By adminx - Wed Sep 26, 7:43 am
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print
Ըստ նախնական տուեալներու, երէկ առաւօտեան N զօրամասի մարտական դիրքին վրայ հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէն հրազէնային մարմնական վնաս ստացած եւ տեղւոյն վրայ մահացած է նոյն զօրամասի ժամկէտային զինուոր, շարքային Վաղինակ Բաղդասարեան (ծնեալ` 1993-ին):
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ փաստին առիթով Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 104 յօդուածի երկրորդ մասին 13-րդ կէտով (սպանութիւն` ազգային, ցեղային կամ կրօնական ատելութեան կամ կրօնական մոլեռանդութեան շարժառիթով) յարուցուեցաւ քրէական գործ եւ կը կատարուի նախաքննութիւն:
Կատարուեցան դէպքի վայրին եւ դիակի արտաքին զննութիւններ, նշանակուեցաւ դիակի դատական-բժշկական փորձաքննութիւն:
Քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print



