Sunday May 19, 2013

Ըստ Ազրպէյճանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին «Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին Մէջ Յառաջընթացը Կախեալ Է Կողմերու Քաղաքական Կամքէն»

By adminx - Wed Sep 26, 7:41 am

Փասքալ Մոնիէ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ յառաջընթացը կախեալ է կողմերու քաղաքական կամքէն:

Ան նշած է, որ իրենք կը հաւատան, թէ բանակցային հոլովոյթին մէջ կարելի պիտի ըլլայ յառաջընթացի հասնիլ եւ գտնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը: «Սակայն յառաջընթացը նախ եւ առաջ կախեալ է առնչակից կողմերու քաղաքական կամքէն: Մենք կրնանք օգնել, սակայն առանց քաղաքական կամքի յառաջ շարժիլ կարելի չէ», ըսած է Մոնիէ:

Ֆրանսայի դեսպանը նշած է, որ տագնապի խաղաղ լուծումը եղած է Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին առանցքը:

«Կարելի չէ ըսել, որ Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ աշխուժ չէ: Վերջին երկու հանդիպումները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ տեղի ունեցած են Փարիզի մէջ», նշած է ան:

 

Leave a Reply

Advertisement