Առեւանգուած Լիբանանցի Աուատ Իպրահիմ Այսօր Պիտի Վերադառնայ Լիբանան
By adminx - Wed Sep 26, 7:40 am
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման ջանքերուն շրջագիծին մէջ, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Աուատ Իպրահիմ ազատ արձակուեցաւ` Սուրիա-Թուրքիա սահմանամերձ շրջանին վրայ գտնուող «Պապ Սալամա» անցքին վրայ:
Լիբանանցիները առեւանգող խմբաւորումի պատասխանատու Ապու Իպրահիմ Աուատ Իպրահիմը յանձնեց թրքական գաղտնի սպասարկութեան:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շնորհաւորեց Աուատ Իպրահիմը անոր ազատ արձակումին առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ անոր բարեկամները եւս ազատ արձակուին ամէնէն մօտիկ ապագային:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը իր հաղորդակցութիւնները եւ ջանքերը պիտի շարունակէ` ազատ արձակելու համար Սուրիոյ մէջ գտնուող լիբանանցի առեւանգեալները, աւելցնելով միւս կողմէ, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները պիտի շարունակեն Լիբանանի մէջ առեւանգուած անհատները ազատ արձակել եւ առեւանգողները դատարան ուղարկել:
Երեկոյեան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Աուատ Իպրահիմ Լիբանան պիտի ժամանէ այսօր երեկոյեան: Ան նշեց, որ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութենէն եւ ներքին գործոց նախարարութենէն երկու սպաներ պիտի ուղղուին Անգարա` ստանձնելու համար Աուատ Իպրահիմը:
Աուատ Իպրահիմ իր կատարած առաջին յայտարարութեան մէջ նշած էր, որ ինք նախանցեալ երեկոյեան հրաժեշտ տուած է մնացեալ ինը առեւանգեալներուն` աւելցնելով, որ ինք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի պատգամ մը ունի փոխանցելիք: «Կը խնդրեմ սէյիտ Նասրալլայէն սուրիացի ժողովուրդէն ներում հայցել: Չեմ կարծեր, որ այս պահանջին մէջ հարց մը ըլլայ, որովհետեւ սուրիացիները մեր եղբայրներն են», ըսաւ Իպրահիմ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնած էր Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ երեսփոխան Օքապ Սաքըրի, որոնք նպաստած էին իր ազատ արձակման:
Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդի նախագահ շէյխ Սալեմ Ռաֆիի յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներէն երկուքին ազատ արձակումով առեւանգողները իրենց խոստումը կատարած կ՛ըլլան` աւելցնելով սակայն, որ խորհուրդը պիտի շարունակէ իր ճիգերը` Ազազի մէջ գտնուող մնացեալ ինը լիբանանցիները ազատ արձակելու նպատակով:
Նշենք, որ առեւանգող Ապու Իպրահիմ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած էր, որ մնացեալ ինը լիբանանցիներուն թղթածրարը փակուած պէտք է նկատել, իսկ թուրքերուն դերակատարութիւնը արդէն իսկ աւարտած է:
Ան նշած էր, որ իրենք Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդին երկու առեւանգեալ խոստացած էին եւ իրենց խոստումը յարգած են:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Ապու Իպրահիմ մնացեալ ինը առեւանգեալներուն ազատ արձակման բանակցութիւնները ինք պիտի վերսկսի Հըզպալլայի կողմէ միջնորդով մը:
Ապու Իպրահիմ առաջին անգամ ըլլալով նաեւ փրկագին պահանջած է` ազատ արձակելու համար ինը լիբանանցիները, որոնց ողջ առողջ եւ հիւրեր ըլլալը ան դարձեալ հաստատած է:
Միւս կողմէ, Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցին հետապնդումին նպատակով շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ ճշդուած պատասխանատու շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ Աուատ Իպրահիմի ազատ արձակումը ողջունելի քայլ մըն է, որ պէտք է աւարտի մնացեալ ինը առեւանգեալներուն ազատ արձակումով:
Շէյխ Զղէյպ հարց տուաւ Ապու Իպրահիմի, թէ ինչո՞ւ առեւանգեալները մէկ առ մէկ ազատ կ՛արձակուին եւ ոչ հաւաքական կերպով` աւելցնելով, որ բոլոր լիբանանցիները պատասխանատու են այդ թղթածրարին: Այս ծիրին մէջ ան նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի եւ Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդին միջոցով ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` ազատ արձակելու համար Սուրիոյ մէջ առեւանգուած բոլոր լիբանանցիները:
«Մենք Ապու Իպրահիմի յայտարարութիւնը լուրջի չենք առներ, որովհետեւ Թուրքիա տակաւին ոչինչ փոխանցած է իրենց` բանակցութիւնները կասեցնելու իմաստով, հետեւաբար Թուրքիոյ դերակատարութիւնը տակաւին չէ աւարտած: Երբ Թուրքիա յանձնառութիւն յայտնէ, ապա ան կը կատարէ եւ այս պարագային ան յանձնառու է լիբանանեան պետութեան», ըսաւ շէյխ Զղէյպ:
Նշենք, որ Դամասկոսի մէջ առեւանգուած Հասսան Մըքտատի ազատ արձակումին մասին ոչինչ յայտարարուեցաւ, այլ` յայտարարութիւններն ու կեցուածքները կեդրոնացան Հալէպի մէջ առեւանգուած մնացեալ 9 լիբանանցիները եւս ազատ արձակելու պահանջին վրայ:
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print



