Նիւ Եորքի Մէջ Միքաթի – Քլինթըն Հանդիպում
By adminx - Wed Sep 26, 7:35 am
- 0 Comments
- 77 views
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ կը նախագահէ ՄԱԿ-ի 67-րդ Ընդհանուր ժողովին իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի պատուիրակութեան, երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց Լիբանանը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը եւ զայն Սուրիոյ իրադարձութիւններէն հեռու պահելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ Լիբանան զգայուն երկիր է:
Վարչապետ Միքաթի խստիւ դատապարտեց արիւնահեղութիւնը` ընդգծելով, որ լաւագոյն միջոցը ընդդիմութեան եւ իշխանութիւններուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելն է, «սակայն տակաւին այդ երկխօսութեան չյանգիլը կը դժուարացնէ Սուրիոյ տագնապին լուծումը», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի մտավախութիւն յայտնեց արիւնահեղութիւնը շարունակելու առնչութեամբ եւ նկատել տուաւ, որ իր հանդիպած անձնաւորութիւններուն մէջ չկայ պատասխանատու մը, որ յստակ պատկերացում ունենայ Սուրիոյ տագնապին լուծման գծով:
Միքաթի նշեց, որ Լիբանան կը յարգէ սուրիացի ժողովուրդին կամքը եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, «բայց եթէ ան ոչինչ կրնայ փոխել Սուրիոյ կացութենէն, ապա ինչո՞ւ միջամուխ դառնայ անոր ներքին հարցերուն», հարց տուաւ ան:
Իրանի դէմ իսրայէլեան հաւանական հարուածի մը եւ Հըզպալլայի միջամուխ դառնալուն մասին մտավախութեան վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ վերջերս Հըզպալլա զգաստ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ եւ համաձայն գտնուած է Պաապտայի յայտարարութեան, որուն մէջ շեշտուած է, որ Լիբանանը պէտք է չէզոք պահել առանցքային քաղաքականութիւններէն:
Ան մաղթեց, որ լիբանանցիները համոզուին, որ իրենք ստիպուած չեն այլոց համար կռուելու:
Երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու առնչութեամբ հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ այդ մէկը հաւանական չէ ո՛չ կառավարութեան եւ ո՛չ ալ քաղաքական ուժերուն կողմէ:
Վարչապետ Միքաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու կարելիութիւնները:
Քլինթըն զօրակցութիւն յայտնեց Միքաթիի կառավարութեան, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանը շրջապատող ներկայ պայմանները: Ան շեշտեց նաեւ, որ Ուաշինկթընի համար կարեւոր է ապահով, գերիշխան եւ անկախ Լիբանան մը:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի նշեց, որ Քլինթընի հետ հանդիպումը շինիչ էր:
Կը նախատեսուէր, որ Միքաթի հանդիպում մը ունենար նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտ եւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամ:
- 0 Comments
- 77 views
- Tweet
Email
Print





