Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Wed Sep 26, 7:25 am
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան համար պայքարը այս տարի բաւական կանուխ սկսած է:
ՄԱՐՈՆԻ եպիսկոպոսներու խորհուրդը յառաջիկայ ուրբաթ օր պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի վերադատ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Սամիհ Հաժ այսօր պիտի վերսկսի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի դէմ կատարուած մահափորձին հետաքննութիւնը շարունակել:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի կը շեշտէ, որ զօր. Աունի դէմ կատարուած մահափորձին գծով հետաքննութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել անդրադառնալով առեւանգումներուն յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն պետութիւնը անկարող որակող յայտարարութիւնները:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նախքան 2012-ի աւարտը պիտի վերադառնայ Լիբանան:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ սիւննի համայնքը անիշխան վիճակի մէջ կ՛ապրի Հարիրիի բացակայութեան պատճառով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան ժամանած սուրիացի քրիստոնեայ գաղթականներուն թիւը շատ քիչ է:
ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ պաշտպանութեան նախարար Փիթըր տը Քրեմ երէկ ժամանեց Պէյրութ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կասկածելի է եւ պէտք է զսպել զայն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մույին Մերեհպի կոչ ուղղեց բանակը դիրքաւորելու հիւսիսային Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ կառավարութիւնը Լեռնալիբանանի մէջ լուրջ բարգաւաճում պէտք է ծրագրէ:
ԺԱՊԱԼ Մըհսենի եւ Մալլուլէի միջեւ նախանցեալ կէս գիշերին երկու ձեռնառումբեր ինկան, իսկ բանակը խստացուց շրջուն ջոկատներուն հսկողութիւնը:
ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ ընտրական դաշինքի մասին տակաւին կարելի չէ խօսիլ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա յանձնառու է պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին իր լռութիւնը պահպանելու:
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print



