ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն. Օպամա. «Իրանի Հիւլէական Զէնք Ձեռք Բերելուն Արգելք Հանդիսանալու Համար Պէտք Եղածը Պիտի Ընենք»
By adminx - Wed Sep 26, 7:22 am
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ Նիւ Եորքի մէջ ընթացք առաւ ՄԱԿ-ի 67-րդ Ընդհանուր ժողովը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա խօսք առնելով յայտնեց, որ «Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք բերելուն արգելք հանդիսանալու համար պէտք եղածը պիտի ընենք»: Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններէն վեց շաբաթ առաջ ան յայտնեց, որ հիւլէական զէնքի տէր Իրան մը «մարտահրաւէր մըն է, զոր կարելի չէ վերահսկողութեան ենթարկել»:
Օպամա դատապարտեց հակաիսլամական «քարշելի» ժապաւէնը` զայն նկատելով «ՄԱԿ-ի իտէալներուն դէմ յարձակում մը»:
Ան յարգանքի տուրք մատուցեց Պենկազիի մէջ սպաննուած ամերիկացի դեսպանին` մարտահրաւէր յղելով ՄԱԿ-ին, որպէսզի հաստատէ, որ «մեր ապագան Քրիսթըֆըր Սթիվընզի նման մարդոց կողմէ պիտի վճռուի եւ ոչ թէ զինք սպաննողներուն»: «Այսօր պէտք է յայտարարենք, որ այս բռնարարքը եւ անհանդուրժողականութիւնը ՄԱԿ-ին մէջ տեղ չունին», ըսաւ ան:
Ան ըսաւ, որ «Իսլամներուն անմեղութիւնը ժապաւէնին հետ կապ չունինք, սակայն մեր սահմանադրութիւնը խօսքի ազատութիւնը կը յարգէ»` նշելով, որ «իրենց կրօնը ապրող իսլամները կը յարգենք, սակայն մեր սահմանադրութիւնը խօսքի ազատութիւնը կը յարգէ, թէեւ ատելութիւն եւ բռնարարք սերմանող խօսքերուն չենք զօրակցիր»: Օպամա ընդգծեց, որ ան որ իսլամութեան վարկաբեկումը կը դատապարտէ, պէտք է նաեւ եկեղեցիներու քանդումն ու հրէական ողջակիզումի ժխտումը դատապարտէ:
Խօսելով Սուրիոյ հարցին մասին` Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը պէտք է վերջ գտնէ եւ ժողովուրդի իշխանութեան առջեւ ճամբան բանայ: «Սուրիոյ ապագան պէտք չէ իր ժողովուրդը մորթող բռնատէրի մը ձեռքը ըլլայ», ընդգծեց Օպամա:
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print




