Friday May 17, 2013

ՀՕՄ-ը Կը Մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Պետական Յանձնախումբի Նիստին

By adminx - Wed Sep 26, 7:18 am

 

 

 

 

 

20 սեպտեմբեր 2012-ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի երկրորդ նիստը` նախագահութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ մասնակցութեամբ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զոյգ կաթողիկոսներուն եւ կուսակցութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու:

Ժողովին ներկայ եղաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան, որ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումին առիթով ՀՕՄ-ի մշակած ծրագիրները:

Յաջորդ օրը` 21 սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան վերականգնման 21-ամեակին առիթով երկրի նախագահին կողմէ Կ. Դեմիրճեանի անուան մարզամշակութային համալիրին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան եւս ներկայ գտնուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ ՀՕՄ-ի համահայկական ընտանիքի շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նախագահին` Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 21-րդ տարեդարձին առիթով:

Leave a Reply

Advertisement