Յայտարարութիւններ ( 25 Սեպտեմբեր 2012 )
By adminx - Tue Sep 25, 6:35 am
- 0 Comments
- 345 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը կը գուժեն քոլեճի վաստակաշատ խնամակալ
ՎԱՐԴԳԷՍ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2012-ին:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ճան եւ Թալին Մկրտիչեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Սիլվա Ծատուրեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Սալբի Խաչատուրեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Լորիկ Ծատուրեան եւ զաւակը
Տիկին Աղաւնի Խալ եւ զաւակունք
Վահրամ եւ Մարի Ծատուրեաններ
Տիկին Շաքէ Առաքելեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Ծատուրեան եւ զաւակունք
Ծատուրեան եւ Շահինեան ընտանիքներ
Բագրատունի եւ Պէլեան ընտանիքներ
Սրապեան եւ Համալեան ընտանիքներ
Մկրտիչեան եւ Խաչատուրեան ընտանիքներ
Հաննա եւ Սապունճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, եղբօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ՎԱՐԴԳԷՍ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պրումաննա, 1939-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2012-ին, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութեանց մանրամասնութիւնները կը հաղորդենք յաջորդիւ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Թամար Քենտիրճեան եւ զաւակները` Դաւօ եւ Լուսիկ
Տիկին Ռուպինա Քենտիրճեան
Տէր եւ տիկին Արա Քենտիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պետրոս Քենտիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մովսէս Գէորգեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Դաւիթ Սեֆերեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պօղոս Շաննագեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պետօ Գժտրեան եւ զաւակունք
Տիկին Ծովակ Սեֆերեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Մկօ Քենտիրճեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Վարդիվառ Մխիթարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գալուստ Փալազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ Պագգալեան եւ զաւակունք
Քենտիրճեան եւ Սեֆերեան ընտանիքներ
Գէորգեան եւ Փալազեան ընտանիքներ
Շաննագեան եւ Գժտըրեան ընտանիքներ
Պագգալեան եւ Գալլօշեան ընտանիքներ
Մխիթարեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, որդւոյն, եղբօր, փեսային, քեռայրին եւ հարազատին`
ՎԻԳԷՆ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1960-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Կապոնի մէջ, Ափրիկէ, կիրակի, 23 սեպտեմբեր 2012-ին:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման մանրամասնութիւնները հետագային կը հաղորդուին մամուլով:
————————————————————————————–
ՆՇԱՆՈՒԱԾ
ՍԱՐԻՆ ԷՍՔԻՊԱՇԵԱՆ
ընդ
ԿԱՐԷՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
23 սեպտեմբեր, 2012
Պէյրութ- Լիբանան
————————————————————————————–
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՎԱՐՁՈՒ ՏՈՒՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔ
Բոլոր այն հայրենակիցները, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունին յակաբաժիններ եւ տրամադիր են վարձու տալու, կրնան դիմել անձամբ երեսփոխանական գրասենեակ ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-էն 5:00, կամ հեռաձայնել 01-259881 եւ 01-242582 թիւերուն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
————————————————————————————–
ՀՅԴ «ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ԲԱՑՈՒՄ`
ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԱԿՈՒՄԲԻ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, Ամանոս:
- ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
ՀՐԱՒԷՐ
————————————————————————————–
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ազգային առաջնորդարանը կարիքը ունի Ազգային տուրքի գանձիչներու` բոլոր շրջաններուն համար:
- Աշխատանքի ժամերը` ըստ թեկնածուի յարմարութեան. կիսաժամ կամ լիաժամ:
- Քաջալերական վարձատրութիւն, առաւել` շահաբաժին:
Թեկնածուները կրնան դիմել Ազգային առաջնորդարանի տնօրէնութեան, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————————————————————–
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ազգային վարժարանի առաքելութեան եւ անոր անփոխարինելիութեան ջերմօրէն հաւատացող մեր բարերար ազգայիններէն Աքսոր Գասարճեանի յիշատակին, «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտը 2012-2013 կրթական տարեշրջանին համար կրթանպաստ պիտի յատկացնէ Ազգային նախակրթարաններու աշակերտներուն:
Այս բացառիկ առիթէն օգտուիլ փափաքող մեր ծնողներէն կը խնդրուի ներկայանալ իրենց զաւկին յաճախած Ազգային վարժարանի քարտուղարութեան, երկուշաբթի, 24 սեպտեմբերէն սկսեալ մինչեւ ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2012` ստանալու համար «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտի դիմումնագիրը:
Լիայոյս ենք, որ «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտի վերահաստատումը ջերմօրէն պիտի դիմաւորուի Ազգային վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն ծնողներուն կողմէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————————————————————–
ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Այսու կը յայտնենք, որ Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը պիտի ընդունի ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ հայրենակիցներուն 2012-2013 տարեշրջանի կրթանպաստի դիմումները:
Կը խնդրուի հայրենակիցներէն անձամբ ներկայանալ վարչութեանս գրասենեակը` 1 հոկտեմբեր 2012-էն սկսեալ, ամէն երկուշաբթի, չորեքշաբթի կամ ուրբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00: Ընդունման վերջին պայմանաժամն է ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2012-ը, որմէ ետք ներկայացուած դիմումները պիտի մերժուին:
Բարի վերամուտ բոլորին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
«ԱՐՑԱԽ»-Ի ՖՈՆՏ
Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`
Սօսի Առաքելեան-Փալանճեանի մահուան քառասունքին առիթով`
Զեփիւռ Չերքեզեան 100,000 լ. ո.
Վերա Կոստանեան 100,000 լ. ո.
————————————————————————————–
ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ
ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ
Հեռ. 04-410001
2012-2013 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
տեղի կ՛ունենան հինգշաբթի, 20 սեպտեմբերէն սկսեալ, եւ ամէն հինգշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, ժամը 16:00-էն 18:00:
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ուրբաթ, 5 հոկտեմբեր 2012, ժամը 16:00-ին:
Կ՛ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ`
BT-ի եւ TS-ի ծրագիրներ եւ հայերէն յատուկ դասանիւթեր:
ՎԱՐԻՉ
————————————————————————————–
ՍՐԲ. ԱԳՆԷՍ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ
ՎԱՐԺԱՐԱՆ
(Հեռ. 01-261139)
2012-2013 տարեշրջանի լրացուցիչ արձանագրութիւնները` հին եւ նոր աշակերտներուն համար, կը սկսին երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-էն 1:00, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:
Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ բերել
Ինքնութեան թուղթի լուսապատճէն կամ «Իխրաճ-քայտ», 2 լուսանկար եւ նախորդ տարուան վիճակացոյցը:
Համազգեստները եւ գրենականը կը վաճառուին երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերէն սկսեալ:
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր` նախակրթարան եւ միջնակարգ
Հինգշաբթի, 4 հոկտեմբեր` մանկապարտէզ եւ մանկամսուր:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս` Մզհեր, 160 քառ. մեթր, դիմել` հեռ. 04-710075:
————————————————————————————–
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Զալքա, 115 քառ. մեթր, 2 ննջասենեակ, հիւրա- սրահ եւ ճաշասրահ, 2-րդ յարկ + վերելակ: Դիմել` հեռ. 70-435182:
————————————————————————————–
ԾԱԽՈՒ Է
Տան կահ-կարասի, շատ լաւ վիճակի մէջ:
Հեռաձայնել 71-782-072 թիւին, երեկոյեան ժամը 5:00-էն ետք:
————————————————————————————–
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ
Այնճարի մէջ, 600 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 70-427770:
————————————————————————————–
ԾԱԽՈՒ Է
Ոսկերչատուն մը` լման կազմածներով, երկյարկանի, 220 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 03-349060 կամ 01-252054:
————————————————————————————–
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Դասական եւ արդի կիթառի անձնական դասընթացք: Դիմել` հեռաձայնելով 70-128272 թիւին:
————————————————————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ
27 Սեպտեմբեր 2012
17 Հոկտեմբեր 2012
14 Նոյեմբեր 2012
21 Նոյեմբեր 2012
18 Դեկտեմբեր 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւն
ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ ՕՐ
20 հոկտեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 նոյեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն
30 նոյեմբեր 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 345 views
- Tweet
Email
Print



