Sunday May 19, 2013

Ակնարկ. Գերակայ Ուղղութիւններ` Միջազգային Ճանաչումի Համար

By adminx - Tue Sep 25, 9:45 am

Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններէն եւ կառավարութեան կազմութենէն ետք  առաջին ուշագրաւ յայտարարութիւնը վերընտիր նախագահ Բակօ Սահակեանին կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.

«Ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը Ստեփանակերտի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն է»:

Այս հաստատումը առաջին հայեացքով շատ օրինաչափ ու որեւէ նորութիւն չապահովող  բովանդակութիւն ունի: Բնական է, որ Արցախի իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքականութեան հիմնական առաջադրանքներէն (եթէ ոչ հիմնականը) պիտի ըլլայ Արցախի հարցին կարգաւորումը: Ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ յայտարարութեան առաջին եզրոյթին վրայ` «ազրպէյճանական-ղարաբաղեան»: Նման ըսելաձեւի օգտագործումը ինքնին յստակ ուղերձներ կը բովանդակէ: Փոխան «հայ-ազրպէյճանական»-ին «ազրպէյճանական-ղարաբաղեան» բառեզրի օգտագործումը յստակօրէն հակամարտութեան ձեւաչափի մասնակիացում է: Խնդիրը Արցախի ժողովուրդին ինքնորշումն է, ուրեմն Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ է: Կը շարունակուի տրամաբանութիւնը: Ինքնորոշուող կողմն է, որ պիտի բանակցի Ազրպէյճանին հետ. փաստօրէն, յայտարարութեան երկրորդ բաժինին մէջ կ՛երեւի բանակցային ա՛յս փիլիսոփայութիւնը:

«Որեւէ վիճելի հարց պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով` ուղիղ երկխօսութեան միջոցով»: Այստեղ եւս առ երեւոյթ շատ դասական մօտեցում ընդգրկող յայտարարութիւն է կատարուածը: Բնական է, որ ինքնորոշուած հանրապետութեան ղեկավարը պիտի խօսի բացառապէս խաղաղ միջոցներով հարցը լուծելու մասին` որեւէ վէճի շուրջ բանակցելու եւ երկխօսելու պատրաստակամութիւն ցոյց տալով: Այստեղ կարեւորը «ուղիղ բանակցութիւն» բառակապակցութիւնն է, որ կը կապուի յայտարարութեան առաջին բաժինին հետ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Ստեփանակերտ-Պաքու  ուղիղ բանակցութիւններու ձեւաչափի ամրագրման անհրաժեշտութեան ընդգծումը, կամ այլ ըսելակերպով` Ստեփանակերտի ներգրաւումը բանակցութիւններուն:

Այս երկրորդ բաժինը անուղղակի ուղերձ կը յղէ նաեւ Թուրքիոյ, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններու իւրաքանչիւր հանգրուանին կը սիրէր յանկերգել հայերուն հետ բոլոր տեսակի վէճերը լուծելու համար երկխօսութեան պատրաստ ըլլալու իր դիրքորոշումը: Երկխօսութեան առընթեր սակայն Անգարան չէր մոռնար յիշեցնելու իր նախապայմանները, որոնցմէ առաջինը Արցախէն հայկական ուժերու հեռացումն էր:

Հիմա Արցախի նախագահը եւս նոյն ոճը կը վերադարձնէ ազրպէյճանցիներուն եւ թուրքերուն` անմիջապէս աւելցնելով, որ «խօսք չի կրնար ըլլալ մեր անկախութեան եւ անվտանգութեան նոյնիսկ նուազագոյն տկարացման մասին»: «Մեր ազգին համար անոնք բացառիկ արժէքներ են եւ ենթակայ չեն սակարկութեան»: Ուրեմն, Արցախի իշխանութիւնները պատրաստ են ուղղակի բանակցելու Պաքուի հետ եւ քննարկելու որեւէ հարց` քաղաքական, ռազմական թէ մարդասիրական: Քննարկումի ենթակայ չեղող բաժինը Արցախի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնն են: Անկախութեան առընթեր անվտանգութիւնը եւս սակարկելի կամ քննարկելի չնկատելը բնականաբար կը վերաբերի Արցախի անվտանգութեան գօտիին, այլ խօսքով` ազատագրուած տարածքներուն, որոնք ապահովական անփոխարինելի երաշխիք են ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Եւ յայտարարութեան վերջին հաստատումը` «Հակամարտութեան լուծման կից արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւնն է առաջադրել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հարցը»:

Շատ պարզ է տրամաբանութիւնը: Առաջնային օրակարգը Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումն է, որ պայմանաւորուած է Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումով:

Սաֆարովի գործարքէն ետք երեւութապէս կը թուէր, որ բանակցութիւններու գործընթացը որոշ առկախումներ կ՛արձանագրէ` յայտարարողական մակարդակի վրայ երեւցած կարծրացումներուն զուգահեռ: Առաջին հայեացքով բանակցութիւններուն ընդառաջ երթալու եւ որեւէ հարցի շուրջ երկխօսելու պատրաստ Արցախի իշխանութիւններուն այս պաշտօնական կեցուածքը խորքին մէջ պաշտօնական Երեւանի կարծրացման քաղաքականութեան դրսեւորած շեշտադրումներուն համահունչ է: Վերընտիր նախագահ Բակօ Սահակեան առաջին յայտարարութեամբ գերակայ ուղղութիւն կը նկատէ Ստեփանակերտ-Պաքու բանակցութիւններու մեկնարկի անհրաժեշտութիւնը` հակամարտութեան բնութագրման բառապաշարը նուիրականացնելով իբրեւ «Ազրպէյճանական-ղարաբաղեան»:

Երեւանը այստեղ խնդիրի կարգաւորման գործընթացին մէջ հովանաւորողի, անվտանգութեան երաշխիքի, ռազմավարական գլխաւոր դաշնակիցի եւ արտակարգ գործընկերոջ դերը ստանձնելու կը նախապատրաստուի յայտնապէս: Այդ պատճառով ալ իրաւական փաստաթուղթով յատուկ դաշինքը կամ ռազմավարական իւրայատուկ համաձայնագիրը ինքզինք անյետաձգելիօրէն զգալի կը դարձնէ` իբրեւ անհրաժեշտութիւն: Գուցէ Սաֆարովի գործարքը լաւ առիթ էր նման քաղաքական գործողութիւններ ծաւալելու: Ի վերջոյ յայտարարութեան մէջ նշուած բոլոր կէտերը եւ մանաւանդ Պաքու-Ստեփանակերտ բանակցային ձեւաչափը իբրեւ գերակայ ուղղութիւն առաջադրելը կարեւոր նախաքայլեր են Արցախի միջազգային ճանաչումին: Հայաստանի – Հանրապետութիւն – Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ռազմավարական դաշինքը լիարժէք կը նպաստէ այդ առաջադրանքի իրականացման աշխատանքներուն:

«Ա.»

Leave a Reply

Advertisement