«Ստեփանակերտը Պատրաստ Է Որեւէ Հարց Քննարկելու Ազրպէյճանի Հետ Կ՛ըսէ Նախագահ Սահակեան
By adminx - Tue Sep 25, 7:55 am
- 0 Comments
- 71 views
- Tweet
Email
Print
«Ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծումը մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն է: Պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը այս հարցին վերաբերեալ բաւական յստակ է. որեւէ վիճելի հարց պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով` ուղիղ երկխօսութեան միջոցով», յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան` հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Ըստ լուրը հաղորդող «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան, Սահակեան նշեց, որ Ստեփանակերտը պատրաստ է Ազրպէյճանի հետ քննարկելու որեւէ հարց` ըլլայ քաղաքական, զինուորական, թէ մարդասիրական:
Սահակեան նաեւ ընդգծեց, որ Արցախը պէտք է մասնակցի բանակցային հոլովոյթի բոլոր փուլերուն: Միեւնոյն ժամանակ, շեշտեց ան, «խօսք չի կրնար ըլլալ մեր անկախութեան եւ անվտանգութեան նոյնիսկ քիչ մը թուլացման մասին»: «Մեր ազգին համար անոնք բացառիկ արժէքներ են եւ ենթակայ չեն սակարկութեան», ըսաւ Սահակեան:
Տագնապի լուծման կից արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւն նկատուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հարցը:
- 0 Comments
- 71 views
- Tweet
Email
Print



