Thursday May 23, 2013

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկը Իր Պատրաստակամութիւնը Կը Յայտնէ Վերականգնելու Մարկատէի Մատուռը

By adminx - Tue Sep 25, 7:52 am

Երէկ «Ազդակ»-ի հետ կապ հաստատելով` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան յայտնեց, որ այս օրերուն, երբ հալէպահայ գաղութը ծանր պահեր կ՛ապրի, իւրաքանչիւր հայ մարդ եւ կազմակերպութիւն իր ուժերուն ներածին չափով պէտք է սատար կանգնի սուրիահայ հայրենակիցներուն` այդ աջակցութիւնը չձգելով միայն յայտարարութիւններու մակարդակին վրայ:

Մեկնելով այս իրականութենէն, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է վերականգնելու Մարկատէի Ս. Յարութիւն մատուռը, որ վնասներ կրած էր վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ընթացքին:

Ինչպէս «Ազդակ»-ին յայտնեց Հայկ Դեմոյեան, «այս քայլը մենք կարեւոր կը նկատենք քանի մը տեսանկիւնէ: Նախ գործ ունինք սրբավայրի մը հետ, որ կը գտնուի Մեծ եղեռնին զոհ դարձած հազարաւոր հայորդիներու վերջին հանգրուաններէն մէկուն մէջ»:

«Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի անձնակազմը ցանկութիւն յայտնած էր իր մասնակցութիւնը բերել սուրիահայութեան աջակցելու համընդհանուր կոչին եւ տեղեկանալով մատուռին հասցուած վնասներուն մասին, միահամուռ կերպով որոշուեցաւ հանդէս գալ նման նախաձեռնութեամբ: Կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւրս պէտք է մասնակից դառնանք իրարու սատարելու կարեւոր այս կոչին, որ հնչեց նաեւ Հայաստանի նախագահի` անկախութեան տօնին առիթով արտասանած ճառին մէջ», ընդգծեց Հայկ Դեմոյեան:

Leave a Reply

Advertisement