Սաֆարովի Պատճառով Մամետեարով Կրնայ Պաշտօնանկ Ըլլալ
By adminx - Tue Sep 25, 7:42 am
- 0 Comments
- 83 views
- Tweet
Email
Print
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Fraza.ru կայքէջը կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի պատճառով պաշտօնանկ ըլլալու վտանգին առջեւ կանգնած է:
Ըստ կայքէջին, Մամետեարով Սաֆարովի պատճառով արժանացած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր շրջապատի խիստ զայրոյթին, այն բանին համար, որ կտրուկ կերպով դէմ արտայայտուած էր մարդասպան սպային Հունգարիայէն Ազրպէյճան արտայանձնելու եւ այդ երկրին մէջ զայն «հերոսացնելու» գործողութիւններուն:
Ազրպէյճանի դիւանագիտութեան պետը իր երկրին իշխանութիւնները զգուշացուցած է, որ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած ոճրագործի արտայանձնումը եւ ազատ արձակումը անդառնալի հարուած պիտի հասցնէ Ազրպէյճանի միջազգային հեղինակութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններուն:
«Ազրպէյճանի մէջ արդէն լուրեր կը շրջանառուին, որ կ՛ուզեն Մամետեարովը փոխարինել անոր առաջին տեղակալ Հաֆիզ Փաշայեւով», կը գրէ ուքրանական կայքէջը:
- 0 Comments
- 83 views
- Tweet
Email
Print




