«Ո՛չ Մէկ Անհատ Կամ Խմբաւորում Իրաւունք Ունի Արհամարհելու Ինչ Որ Ուրիշ Կրօնի Կողմէ Նկատուած Է Նուիրական» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
By adminx - Tue Sep 25, 7:38 am
- 0 Comments
- 157 views
- Tweet
Email
Print
Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր մասնակցութիւնը բերաւ Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած քրիստոնեայ-Իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպումին: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետը հետեւեալ հաստատումը կատարեց. «Ո՛չ մէկ անհատ կամ խմբաւորում ինքնիրեն իրաւունք պէտք է տայ արհամարհանքի ենթարկելու այլ կրօններուն կողմէ նուիրական նկատուած անձեր, արժէքներ, սկզբունքներ կամ աւանդութիւններ: Նման մօտեցում խօսքի ազատութիւն չէ, այլ անպատասխանատու վերաբերում է նուիրական սկզբունքներու եւ բարոյական արժէքներու նկատմամբ: Կրօններու ուսուցումները, աւանդութիւններն ու արժէքները պէտք է յարգուին: Այլ խօսքով` փոխադարձ յարգանքը եւ վստահութիւնը պէտք է հիմքը ծառայեն կրօններու գոյակցութեան ու գործակցութեան: Հետեւաբար, Մենք խստօրէն կը դատապարտենք իսլամութիւնը արհամարհելու միտող ժապաւէնը եւ նմանօրինակ բոլոր քայլերը»:
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը կը հաւատան խաղաղութեան, ո՛չ բռնութեան. երկխօսութեան եւ ո՛չ ներամփոփ գոյութեան: Միջին Արեւելքի մէջ այս կրօնները խաղաղօրէն գործակցած են երկար դարեր: Անհրաժեշտ է, որ վերանորոգ ոգիով շարունակուի այս գործակցութիւնը»:
Յայտնենք, որ Պքերքէի համագումարին ընթացքին վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով Հռոմի քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան, իր գնահատանքը յայտնեց ըսելով, որ «այցելութիւնը պատմական էր եւ յատուկ կարեւորութիւն ունէր Լիբանանի համար»: Միաժամանակ, վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Սպասելի էր, որ այցելութեան ծիրին մէջ յատուկ կարեւորութիւն տրուէր ուղղափառ եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ խորհրդանշական այցելութիւն մը տրուէր իսլամական կեդրոն մը»: Վեհափառ հայրապետին խօսքին աւելի լայն կերպով անդրադարձ եղաւ ներկաներուն կողմէ` երբ բոլորը շեշտեցին վեհափառ հայրապետին արտայայտած մտահոգութիւնները` նոյն ատեն ընդգծելով յիշեալ այցելութեան պատմական նշանակութիւնը:
- 0 Comments
- 157 views
- Tweet
Email
Print



