Պըրրի Ընդունեց Սինիորան
By adminx - Tue Sep 25, 7:35 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց քաղաքական շարք մը իրադարձութիւններ, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ քննարկուող հարցերը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Մոհսեն Տալլուլ, ինչպէս նաեւ Սենեկալի կենսոլորտի նախարար Հայտար Ալի:
Վերջինիս հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ներկայութեամբ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլիի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Արսալի մէջ բանակին որդեգրած քայլերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի ըսաւ. «Կառավարութեան որդեգրած չէզոք կեցուածքին արդիւնքին մասին հարց պէտք է տալ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի»:
ՆՇԵՆՔ, որ «Սաֆիր» օրաթերթը երէկուան իր թիւով նշեց, որ Պըրրի վերջերս հանդիպում մը ունեցած է բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ եւ համաձայնութիւն մը գոյացուցած Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիր մը գործադրելու անհրաժեշտութեան շուրջ: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի վստահեցուցած է, որ Ամալ շարժումի անդամները պիտի զօրակցին բանակին:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print




