Sunday May 26, 2013

Գնդապետ-Հրամանատար Ապպաս Ժումաա Միացաւ Բանակի Նահատակներու Փաղանգին

By adminx - Tue Sep 25, 7:33 am

Գնդապետ-հրամանատար Ապպաս Ժումաա

Լիբանանեան բանակի գնդապետ-զօրավար Ապպաս Ժումաա, որ Հարաւային արուարձաններ ներխուժումին ընթացքին վիրաւորուած էր, երէկ միացաւ բանակի նահատակներու փաղանգին:

Ժումաա Ղպէյրիի մէջ վիրաւորուած էր 21 սեպտեմբեր 2012-ին եւ երէկ մահացաւ:

Բանակի հրամանատարութիւնը կատարեց գնդապետ-զօրավար Ապպաս Ժումաայի յուղարկաւորութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Հանի Քպայսի, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, երեսփոխաններ Այուպ Հըմայէտ, Ալի Պեզզի, Ալի Ամմար, Մոհամետ Ռաատ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պատասխանատուներ եւ զինուորականներ:

Բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ զօր. Եասին իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց նահատակ Ժումաայի զինուորական կարողութիւնները` շեշտելով, որ իրենց խոստման արարողութենէն ի վեր  զինուորներուն պարտականութիւնը կ՛ըլլայ  իրենց արեամբ շաղախել երկրին հողը:

Ժումաայի յուղարկաւորութենէն պահ մը

Ան հաստատեց, որ Ժումաա եղած է իր զէնքի ընկերներուն ջահը եւ հայրենիքի երկնքին մէջ փայլող աստղը:

Ապա ան կարդաց Ժումաայի կենսագրականը: Նշենք, որ նահատակ բանակայինը ծնած է Նապաթիէի Զըպտին գիւղաքաղաքին մէջ, 1970-ին:

Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան եւ նահատակ գնդապետի ընտանիքին ցաւակցութիւն յայտնեց` անոր նահատակութեան առիթով: «Ամէն անգամ որ Լիբանանը վտանգի կամ սպառնալիքի կ՛ենթարկուի, լիբանանցիները իրենց բանակին մօտ կը գտնեն զիրենք պաշտպանելու, երկրին գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու ապահով անկիւնը», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ եթէ բանակին շարքերէն նահատակ մը ինկած է` իր երկիրը պաշտպանելու առաքելութեան ընթացքին, ապա ան աւելի եւս պիտի ամրապնդէ բանակին կորովը` պաշտպանելու Լիբանանը:

 

Leave a Reply

Advertisement