Sunday May 19, 2013

«Երկրին Ապահովութիւնը Ամէն Բանէ Վեր Է, Իսկ Բանակը` Կարմիր Գիծ» Շեշտեց Ղոսըն

By adminx - Tue Sep 25, 7:31 am

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ բանակը զինելու ծրագիրը առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը մշակուի, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով է, որ անոր շուրջ բոլոր կողմերը համախոհութիւն կը գոյացնեն: «Այդ համախոհութիւնը գոյացած է, որովհետեւ բոլորին համար յստակ է, որ իր համայնքներով եւ յարանուանութիւններով երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորող միակ կողմը բանակն է: Յատկապէս նկատի ունենալով, որ բանակէն մեծ պատասխանատուութիւններ կը պահանջուին, յատկապէս հարաւային, հիւսիսային եւ արեւելեան սահմաններուն մօտակայքը եւ բոլոր դժուար վայրերուն մէջ»:

Ղոսըն շեշտեց, որ բանակի զինման ծրագիրի վաւերացումը լիբանանեան հանրային կարծիքին ապահովութիւն ներշնչած է` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են բանակի զինման առումով:

Պաշտպանութեան նախարարը հաստատեց, որ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը ամէն բանէ վեր է, իսկ լիբանանեան բանակը` կարմիր գիծ:

Leave a Reply

Advertisement