Սուրիահայութիւնը Տօնախմբեց Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման Տօնը
By adminx - Tue Sep 25, 7:18 am
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print
Սուրիահայութիւնը, տարապայման ու արտասովոր կացութեան մէջ անգամ, չմոռցաւ տօնախմբել Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 21-ամեակը:
Արդարեւ, կիրակի, 23 սեպտեմբեր 2012-ին, Բերիոյ հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք: Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ առաջնորդ սրբազան հօր նախագահութեամբ եւ հոգեւորականաց դասուն մասնակցութեամբ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հանրապետական մաղթանք, որ մեծ խանդավառութիւն եւ հոգեկան կորով պարգեւեց խուռներամ հաւատացեալ հայորդիներուն: Սրբազան հօր պատգամը ընդգծեց հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարը` անկախ հայրենիք կերտելու, եւ Ամենակալին զօրութեամբ ու օրհնութեամբ, մեր ժողովուրդի ընտիր զաւակներուն անձնազոհ վերաբերմունքով կերտուեցաւ 28 մայիս 1918-ին անկախ Հայաստանը, որ ժամանակներու վաչակարգերու փոփոխութեանց մէջ մնաց ու կը մնայ համայն հայութեան հայրենիքը, որ վերանկախացաւ 21 սեպտեմբեր 1991-ին` համաժողովրդային կամքին համեմատ:
Սրբազան հայրը Պետրոս առաքեալի նամակէն քաղելով «Ձեր պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնն անոր, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց» (Ա.Պետ 2.9), հրաւիրեց ներկաները ըլլալու գիտակից ազգ, նպատակակէտ ունենալու ամբողջական հայրենիքը ամբողջ հայութեամբ, ստրկամտութեան եւ խաւարին դէմ լոյսի պայքարը մղելու` յանուն ճշմարտութեան ու ազատութեան: Անդրադառնալով սուրիական հայրենիքի ներկայ իրավիճակի խաւարային գործերուն` առաջնորդ սրբազանը թելադրեց հաւատացեալներուն լոյսի տարածիչներ ըլլալու ազգերուն մէջ, գործելու խաղաղութեան, ապահովութեան եւ անդորրութեան վերահաստատումին համար, ամրօրէն կառչած մնալու սուրիական հայրենիքի ամբողջականութեան ու անկախութեան եւ մեր համայնքի դրական ներկայութեան:
Աւարտին, սրբազան հայրը շնորհաւորեց մեր ժողովուրդը` հայրենիքի, սփիւռքի ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ:
Արարողութեան ներկայ էին Հալէպի մէջ Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեան եւ ազգային ու միութենական ներկայացուցիչներ:
ԴԻՒԱՆ
ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print



