Սէուտական Արաբիա Մտահոգ . Եմէն Դուրս Եկած Է Ռիատի Հակակշիռէն Եւ Անկէ Զէնք Կը Մաքսանենգուի Դէպի Ս. Արաբիա
By adminx - Tue Sep 25, 5:52 am
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print
Սէուտական իշխանութիւնները կը փորձեն սիրաշահիլ Պահրէյնի ընդդիմութիւնը եւ անոր հետ սկսած են բարձրագոյն մակարդակի հաղորդակցութիւններու: Պահրէյն-Սէուտական Արաբիա թղթածրարին հետ անմիջական առնչութիւն ունեցող արաբական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ռիատի մէջ Պահրէյնի թղթածրարի պատասխանատու, ներքին գործոց փոխնախարար Մոհամետ Պըն Նայեֆ Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ իշխանը, որ նաեւ երկրի ապահովական համակարգի բարձրագոյն պատասխանատուներէն է, իր կողմէ լիազօրուած պատուիրակներ ուղարկած է Պահրէյնի ընդդիմութեան ղեկավարներուն մօտ: Սէուտական պատուիրակութիւնը վերջերս երեք յաջորդական հանդիպումներ ունեցած է պահրէյնցի ընդդիմադիրներուն հետ` անոնց փոխանցելու Մոհամետ Պըն Նայեֆէն պատգամ մը, թէ` «Պահրէյնի գաղտնի սպասարկութիւնները խաբած են սէուտցիները եւ` անոնց հաւաստած, որ Լու՛լու՛ա հրապարակին վրայ (հոն, ուր Պահրէյնի ընդդիմութիւնը ժողովրդային խաղաղ ցոյցեր կ՛ընէր – «Ա.») կը գտնուին Իրանի Յեղափոխութեան պահակներու քսան հազար անդամներ», եւ այս պատճառով սէուտցիք որոշած են զինուորական միջամտութիւն կատարել Պահրէյնի մէջ: Արաբական իրազեկ աղբիւրներ, որոնք այս տեղեկութիւնները հաղորդեցին, նաեւ յայտնեցին, որ սէուտցի պատուիրակները պահրէյնցի ընդդիմադիրներուն փոխանցած են, որ Մոհամետ Պըն Նայեֆ իշխանը զիրենք լիազօրած է հաւաստելու, թէ Սէուտական Արաբիա համաձայն է Պահրէյնի հարցի որեւէ ձեւով լուծման, հասկացողութեամբ կ՛ընկալէ Պահրէյնի ընդդիմութեան պահանջները եւ պատրաստ է քննարկելու զանոնք: Սէուտցի պատուիրակները Ռիատի այս նոր եւ անսպասելի կեցուածքին հիմունքներն ու սահմանները չեն բացատրած: Նոյն արաբական աղբիւրները կ՛ըսեն, որ ոչ ոք կրնայ հաւատալ սէուտցիներու այն վարկածին, թէ Պահրէյնի գաղտնի սպասարկութիւնները զիրենք խաբած են: Պահրէյնի ընդդիմադիրներն ու արաբական քաղաքական շրջանակները համոզուած են, որ սէուտցիներու այս աննախընթաց սիրալիր վերաբերումը ժամանակ շահելու փորձ մըն է, զոր թելադրած են եմէնական թատերաբեմի զարգացումները, որոնք սարսափի կը մատնեն սէուտական իշխող ընտանիքը: Վերջինը սարսափած է, որովհետեւ ոչինչ կրնայ ընել` ի տես Եմէնէն իր սահմաններէն ներս թափանցող սպառնալիքին:
«Եմէնեան անէծք»-ը կրկին կը հալածէ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւնը, որ ցարդ չէ ապաքինած Սաատայի բախումներուն պատճառած բարդոյթէն: Այս պահուն թագաւորութիւնը առանց այս հարցին արդէն կ՛անցնի նուրբ հանգրուանէ մը: Ներքին ճակատի վրայ հարցերը շատ են. մէկ կողմէ ժողովուրդը կ՛եռայ արեւելեան շրջաններուն մէջ, եւ բողոքի ալիքը կը հասնի Ժետտայի եւ Ռիատի նման քաղաքներ, միւս կողմէ` իշխող ընտանիքի երէց սերունդը` Ապտել Ազիզ թագաւորի այն զաւակները, որոնք երկրի կարեւորագոյն պաշտօններուն վրայ կը գտնուէին, վերջերս մահացան. ասոր կողքին, իշխող ընտանիքի տարբեր թեւերէն ոչ մէկը ցարդ յաջողեցաւ իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնել լծակները, եւ սուր մրցակցութիւնը կը շարունակուի: Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ շրջանային դժուարութիւնը, որովհետեւ Սուրիոյ վարչակարգը մէկուկէս տարի «տիեզերական» պատերազմի բազմակողմանի եւ բազմատեսակ հարուածներու դիմանալով` հաստատ ու ամուր կը մնայ: Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու սէուտցիներուն համար յոռեգոյնը համարուող մղձաւանջը: Եմէնէն աննախընթաց չափով զէնքի եւ պատերազմական սարքերու հոսքը` դէպի սէուտական շրջաններ: Երկու երկիրներու երկար ու դժուար սահմաններէն զէնքի դէպի Սէուտական Արաբիա մաքսանենգումի նոր թափն ու անակնկալ սանձազերծումը հետեւանքն է Եմէնի վրայ սէուտեւամերիկեան հակակշիռի կորուստին. սէուտցիք եւ ծոցի երկիրները ժողովրդային յեղափոխութիւնը շրջանցելու եւ անոր աչքին փոշի ցանելու համար բանաձեւած էին լուծում մը. անոնք իշխանութենէն հեռացուցած էին իրենց դաշնակիցը` նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհը եւ անոր պաշտօնը շնորհած` փոխնախագահին: Այս լուծումը իրենց այնքան լաւ թուեցաւ, որ նոյնպիսի լուծում առաջարկեցին Սուրիոյ համար: Փաստօրէն այս լուծումը Սուրիայէն առաջ ձախողեցաւ Եմէնի մէջ:
Սէուտական Արաբիոյ եւ Եմէնի զարգացումներուն մօտէն հետեւող ֆրանսացի դիւանագէտ մը յայտնեց, որ աւելի քան 1700 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող երկու երկիրներու սահմանագիծին վրայ ամիսներէ ի վեր աշխուժացած է Եմէնէն սէուտական ուղղութեամբ զէնքի մաքսանենգումը: Ռիատ «շրջանային կողմեր» կ՛ամբաստանէ այս երեւոյթին ետին կանգնելու յանցանքով: Բայց ֆրանսական աղբիւրը այդ ամբաստանութիւնները նսեմացնելով` նկատել կու տայ, որ սէուտական սահմանը անցնող զէնքերը կը տարածուին երկրի բոլոր շրջաններուն մէջ անխտիր. նոյն աղբիւրը այս ժողովրդային զինարշաւը կը բացատրէ անով, որ Հիժազ եւ Նաժտ շրջաններու ցեղախումբերը կը զգան, թէ անկայունութիւնը պիտի հասնի իրենց շրջաններուն. անոնց մտահոգութիւններուն պատճառներն են, նախ` Եմէնի քաղաքական եւ ապահովական իրավիճակին վրայ Ռիատի հակակշիռի կորուստը, ապա` Պահրէյնի յեղափոխութիւնը ճզմելու ճիգերուն ձախողութիւնը, հակառակ անոր որ սէուտական ուժերը երկու տարիէ հոն են, բայց ժողովրդային բողոքը կը շարունակուի եւ լուծման ոչ մէկ հեռանկար կայ. իսկ երկրորդ պատճառը սուրիական տագնապն է, որ կը մօտենայ կարգ մը արաբական երկիրներու հետ բաց պատերազմի հանգրուանին:
Նոյն ֆրանսական աղբիւրը նաեւ կ՛ըսէ, որ Ծոցի մէջ սէուտական վարչակարգին գլխաւոր թշնամին` հուսիներու շարժումը, դարձած է Եմէնի գլխաւոր եւ հզօրագոյն զինուորական ուժը. անոնք հիմնական եւ իւրայատուկ ձեւով վերակազմակերպած են իրենց շարքերը, ձեռք ձգած են արդիական զէնքեր եւ ստեղծած են զինուորական ու քաղաքական ենթակառոյց, որ սրբագրած եւ դարմանած է Եմէնի եւ սէուտական բանակներուն դէմ մղուած վերջին պատերազմին երեւան եկած խոցելի կէտերը: Ֆրանսական աղբիւրը կը մանրամասնէ, թէ հուսիները այժմ ունին արդիական հակահրասայլային հրթիռներ եւ լաւ մարզուած են զանոնք գործածելու. անոնք նաեւ ապահոված են հակաօդային զէնքեր, ինչպէս նաեւ` նոր եւ մեծ ականներ. այս բոլորին կողքին, հուսիները նաեւ ամրութիւններ կառուցած են իրենց հակակշիռին ենթակայ բոլոր շրջաններուն մէջ, որոնք այժմ կ՛ընդգրկեն չորս նահանգներ, ինչպէս նաեւ` ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Ժաուֆ նահանգին մեծ մասը. այս նահանգը Սէուտական Արաբիոյ սահմանակից է եւ` աշխարհագրական բնոյթով դժուար վերահսկելի. ասոր կողքին, հուսիները կ՛աշխատին յառաջանալու Հուժժա արեւմտեան նահանգին մէջ` ծովուն վրայ ելք ունենալու համար:
Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ խառնաշփոթ վիճակն ու երկրի հարաւային շրջաններուն մէջ անկայունութեան անհակակշռելի չափը, նախագահ Սալեհի երկաթեայ իշխանութեան վերացումին հետ, շատ հանգիստ վիճակ ստեղծեց հուսիներուն համար: Ասոր դիմաց Սէուտական Արաբիա անկարող կը թուի եւ ոչինչ կրնայ ընել` արգիլելու համար վերջին անգամ ինը ամիս տեւած պատերազմ մը մղած իր թշնամիին ուժեղացումն ու ազդեցութեան գօտիի ընդարձակումը. ի տես հուսիներու աշխուժ պատրաստութիւններուն, Ռիատ կը բաւարարուի քարոզչական եւ դիւանագիտական աղմուկով. ան Իրանը կ՛ամբաստանէ Եմէնի ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու յանցանքով եւ կը տարաձայնէ, որ Եմէնի մէջ իրանեան Յեղափոխութեան պահակագունդի գործակալներ ձերբակալուած են, բայց ցարդ ոչ մէկ ապացոյց տուած է:
Միւս կողմէ, կ՛աւելցնէ ֆրանսական աղբիւրը, սուրիական տագնապը կու գայ ծանրացնելու ներքին մեծ պայթումէ մը սէուտցիներու մղձաւանջը. սէուտցիք նեղ կացութեան մատնուած են, որովհետեւ, հակառակ արշաւի սաստկութեան, սուրիական վարչակարգը կանգուն կը մնայ, իսկ Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն ուղղակի յարձակում գործել անոր վրայ, ինչպէս որ ըրին Իրաքի դէմ 2003-ին: Նոյն աղբիւրը կ՛ըսէ, որ հակառակ կատարուած յայտարարութիւններուն` Եգիպտոս ալ չի կրնար օգտակար ըլլալ Ռիատի, որովհետեւ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան մը անհրաժեշտ միջոցները չունի. ասոր կողքին, Եգիպտոսի «իխուան»-ներու (Իսլամ եղբայրներ) կառավարութիւնը չի կրնար բանակ ուղարկել Եմէն, որովհետեւ եգիպտացիք չեն մոռցած Ապտել Նասերի օրով Եմէնի մէջ իրենց զինուորական արկածախնդրութեան հետեւանքները. ասոր վրայ կ՛աւելնայ Թուրքիոյ կեցուածքը, որ կը մերժէ շրջանին մէջ յաւելեալ դերակատարութիւն տալ Եգիպտոսի, որ Անգարայի շրջանային նկրտումներուն գլխաւոր մրցակիցն է: Ուահապական Ռիատը արդէն մեծ վստահութիւն չունի Արեւմուտքի օրհնութիւնը ստացած Եգիպտոսի «իխուաններ»-ուն վրայ: Այս պատճառներով Գահիրէ, հակառակ եւ անկախ իր կամեցողութենէն, ոչ մէկ ձեւով պիտի կարենայ օգտակար ըլլալ Սուրիոյ, Եմէնի եւ Ռիատի ներքին հարցերուն գծով. նոյն պատճառով ալ Սէուտական Արաբիա մեծ օժանդակութիւն պիտի չտայ տնտեսական եւ դրամական հեղձուցիչ տագնապ ապրող Եգիպտոսի:
Ի տես այս բազմակողմանի դժուարութիւններուն, սէուտցիք դիմեցին ժամանակ շահելու քաղաքականութեան: Ռիատ փառաշուք ընդունելութիւն շնորհեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմետինեժատի եւ շեփորեց իսլամական համայնքներու մերձեցման կեդրոնի հիմնադրութիւնը: Ասոնք յայտնի քայլերն էին, գաղտնի միջոցառումներէն էր Պահրէյնի թղթածրարի պատասխանատու, ներքին գործոց փոխնախարար Մոհամետ Պըն Նայեֆի առաքած պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որ Պահրէյնի ընդդիմութեան բարի կամեցողութեան դրսեւորումներ կատարեց:
Բայց այս բոլորը Ռիատ կը կատարէ ժամանակ շահելու համար` սպասելով Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն եւ յուսալով, որ յարձակողապաշտ եւ ռազմասէր հանրապետականները կը վերադառնան Ուաշինկթընի մէջ իշխանութեան:
«Մանար»
Հուսիները
«Հաւատացեալ երիտասարդութեան շարժում»-ը քաղաքական կրօնական շարժում մըն է, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Եմէնի Սաատա նահանգին մէջ: Շարժումը եւ իր անդամները կոչուած են «Հուսիներ», որովհետեւ անոր «հոգեւոր առաջնորդ»-ն ու գլխաւոր կազմակերպիչը կը կոչուէր Հիւսէյն Պատրէտտին Հուսի: Հուսի 2004-ին սպաննուեցաւ Եմէնի բանակին կողմէ:
Շարժումը վեց «պատերազմ» մղած է Եմէնի բանակին դէմ, նախկին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի օրով:
Վերջին «պատերազմը» յայտնի է «Սաատայի պատերազմ» անունով: Հուսիներու եւ Եմէնի բանակին ու նախագահին համակիր ցեղախումբերուն միջեւ բախումները սկսան յունիս 2009-ին: Ի պատասխան Սալեհին տրամադրուած սէուտական օժանդակութեան` հուսիները գրաւեցին սէուտական սահմանային շրջաններ: Յորդանան զօրամաս մը ուղարկեց օգնելու սէուտական բանակին` շրջանէն դուրս քշելու հուսիները:
«Սաատայի պատերազմ»-ը շարունակուեցաւ երկու ճակատի վրայ, մինչեւ 12 փետրուար 2010, երբ ընդհանուր զինադուլ յայտարարուեցաւ
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print



