Friday May 24, 2013

Ասիոյ Մէջ «Օդ-Ծով Պատերազմ»-ի Փենթակոնի Ծրագիրները Կը Բորբոքեն Չինաստանի Հետ Լարուածութիւնը

By adminx - Tue Sep 25, 5:50 am

ՃՈՆ ԿԼԵՅԶԸՐ

Փենթակոնը նոր ծրագիրներ կը մշակէ Ասիոյ մէջ օդային եւ ծովային պատերազմներու. կ՛ենթադրուի, որ թիրախը Չինաստանն է: Ասիկա Օպամայի վարչակազմին ամէնէն ռազմապաշտական արտայայտութիւնն է, կոչուած` «Սռնակ` դէպի Ասիա-Խաղաղական»:

Այս նոր ռազմական թատերաբեմին վրայ զանց պիտի առնուին ցարդ կիրարկուած ռազմավարութիւնները (հակաապստամբական արշաւանքներ եւ երկարատեւ զինուորական բռնագրաւումով տեղական հաստատութիւններ ու կառոյցներ կերտել): Նոր ռազմավարութիւնը, որ կը կոչուի «Օդ-ծով ճակատամարտ», կը բացայայտէ շրջանին մէջ Ուաշինկթընի աւելի ընդարձակ նպատակները եւ պատկերացում մը կու տայ, թէ ինչպէ՛ս պիտի ընթանայ Չինաստանի դէմ պատերազմ մը (որուն, ըստ երեւոյթին, կը ձգտի Ուաշինկթըն):

«Աննկատելի ամերիկեան ռմբակոծիչներ եւ սուզանաւեր պիտի կործանեն Չինաստանի երկար հասողութեամբ հսկողութեան տեղորոշիչները (ռատար) եւ ճշգրիտ հարուածող հրթիռներու համակարգերը, որոնք տեղակայուած են երկրին խորերը», կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»` աւելցնելով, որ նախապատրաստական «Կուրցնելու արշաւ»-ին պիտի յաջորդէ լայնածիր օդային եւ ծովային յարձակում:

Օպամայի վարչամեքենան վերջին շրջանին անընդհատ կը սաստկացնէր Չինաստանի վրայ ճնշումը, հետզհետէ աւելի ճակատումի գացող  իր արտաքին քաղաքականութեամբ: Այսպէս կոչուած «Սռնակ` դէպի Ասիա» ռազմավարական յղացքը այլ բան չէ, եթէ ոչ` յարձակողապաշտ քաղաքականութիւն, որ կ՛ենթադրէ աւելցնել ամբողջ շրջանին մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը (այսինքն` Ֆիլիփինեաններուն, Ճափոնի, Աւստրալիոյ, Կուամի, Հարաւային Քորէայի եւ այլ երկիրներու մէջ): Չինացիք ոչ մէկ ձեւով գրգռած են ամերիկեան կողմը, որ կը դիմէ Չինաստանի աճող տնտեսական ու զինուորական ազդեցութիւնը պարունակի մը մէջ արգելափակելու այս ծրագիրներուն:

«Օդ-ծով ճակատամարտ» ռազմապատկերի իրենց բանաձեւումին ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներ կը նորոգեն Խաղաղականի մէջ Բ. Համաշխարհային պատերազմի իրենց խարիսխները, հոն դիրքաւորեու համար իրենց օդուժը, որ այժմ կեդրոնացած է արեւմտեան Խաղաղականի քանի մը մեծ խարիսխներու մէջ», կը հաղորդէ «Միլիթըրի.քոմ»: Աղբիւրը կը բացատրէ, որ այս քայլին դրդապատճառը այն է, որ Չինաստանի հետ մեծ բախումի մը պարագային շրջանի ամբողջ տարածքին վրայ ուժերը ցանելով` «Չինաստանի համար շատ դժուար պիտի ըլլայ էջուղիին վրայ թառած օդանաւային ամբողջ տորմիղները ոչնչացնել իր երկար հասողութեամբ պալիսթիք հրթիռներու անակնկալ հարուածներով, նաեւ Չինաստան խստօրէն պաշարուած պիտի ըլլայ եւ պիտի անդրադառնայ, որ չի կրնար ապահով յարձակում գործել»:

Չինացի պաշտօնատարները հաշտ աչքով չդիտեցին այս անտեղի ռազմատենչութիւնը: Մայիսին Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Փենթակոնը ամբաստանեց մտացածին չինական զինուորական սպառնալիք մը ստեղծելու յանցանքով: Այլ պաշտօնատարներ զգուշացուցին, որ Ուաշինկթընի այս ընթացքը զինարշաւի պատճառ պիտի դառնայ:

«Եթէ ամերիկեան զինուորականութիւնը մշակէ «Օդ-ծով ճակատամարտ» ծրագիր մը` «Ժողովուրդի ազատագրութեան (չինական) բանակ»-ին դէմ, ապա այս վերջինը պիտի ստիպուի մշակելու այդ նախագիծին դէմ ծրագիրներ», ըսաւ գնդ. Կաօ Եուէ Ֆան, ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութեանց հիմնարկի  տարեսկիզբին կազմակերպուած կլոր սեղանին ընթացքին:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» հաղորդեց, որ` «Ասիոյ հարցերու մասնագէտ վերլուծաբաններէն  ոմանք մտահոգ են, որ Չինաստանին ուղղուած աւանդական ոճի հարուածներ կրնան կայծը տալ կորիզային պատերազմի մը, իսկ ուրիշներ կը քննադատեն ամերիկեան քաղաքականութեան անտեղի ահազանգ հնչեցնելու ոճը, որ կը չափազանցէ չինական սպառնալիքին տարողութիւնը` արդարացնելու համար իր զինուորական պիւտճէին յաւելումը»:

Լարուածութեան այս սաստկացումը նախատեսելի հետեւանքն էր  Ուաշինկթընի անտեղիօրէն յարձակողապաշտ դիրքորոշումներուն:

Ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութեանց հիմնարկը անցեալ տարեվերջին հրապարակած իր ուսումնասիրութեան մէջ զգուշացուցած էր, որ` «Չինաստանի նոր ղեկավարութիւնը կրնայ փոխել իր արտաքին քաղաքականութիւնը, որովհետեւ ստիպուած պիտի զգայ հակազդելու Ուաշինկթընի այն քաղաքականութեան, որուն նպատակն է արգելակել Չինաստանի` որպէս մեծ ուժի վերածնունդը»:

«Հաւանական կոշտ հակազդեցութեան մը նախանշանները արդէն տեսանելի են», ըսաւ նոյն տեղեկագիրը` աւելցնելով, որ` «Ամերիկեան «Սռնակ` դէպի Ասիա» ծրագիրը պատճառ դարձաւ Չինաստանի մէջ հակաամերիկեան զգացումներու յորդումին, որ ճնշումներու ենթարկեց երկրին ղեկավարութիւնը` զայն մղելով դէմ կանգնելու Ուաշինկթընի: Չինաստանի մէջ ազգայնական ձայներ կոչ կ՛ուղղեն` զինուորական միջոցառումներով հակազդելու շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերու հզօրացումին ու Միացեալ Նահանգներու  որդեգրած նոր ռազմավարութեան:

 

«Անթի ուոր»

Leave a Reply

Advertisement