Thursday May 16, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Tue Sep 25, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Աշնանային օդը կրնայ անակնկալներ ստեղծել, հետեւաբար մի՛ խաբուիք կլիմային ստեղծած քմայքներէն: Լաւ հագուեցէք, լաւ քնացէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դասաւորած էք ձեր գործերը, այսուհանդերձ, կրնաք ունենալ նոր հարց մը, ջանացէք առանց տրտունջի կարգադրել այդ հարցն ալ: Օրը կրնայ փոխուած ծրագիրներ ունենալ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վերամուտը ոմանց համար տաղտկալի կը թուի, ուրիշներու համար ալ` բնական եւ հաճելի: Դուք այս երկրորդ դասակարգին մէջն էք: Ուրախ մնացէք, երբ ձեր աշխատանքը դասաւորուած է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամուսնացած ըլլաք թէ ոչ, սիրային հարց մը ձեզ անակնկալի պիտի մատնէ: Ուրախութեամբ մասնակցեցէք նաեւ ձեզի ուղղուած հրաւէրին` գիւղի մէջ ըլլայ թէ քաղաքի: Նոր ծանօթութիւններ կրնան յայտնուիլ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դժուարահաճ էք: Ձեր այս տրամադրութիւնը կրնայ խանգարել ուրիշներու հետ կայանալիք հանդիպում մը, որ համաձայնագիր մը կ՛ենթադրէր: Յօժարակամ ըլլալը մարդկային լաւ գիծ է:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նոր ծրագիր մը ունիք ձեր տան կամ ձեր ապագային համար փոփոխութիւններ ներմուծելու: Արագ կամ հապճեպ կարգադրութիւն մի՛ ընէք, որպէսզի անգիտակցաբար սխալ մը չունենաք: Օրը այս կը թելադրէ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընկերովի գործ մը կ՛ուզէք կատարել: Ձեր համաձայնութիւնը պէտք է ըլլայ պաշտօնական գետնի վրայ: Մակերեսային գործ մի՛ տեսնէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Տեսարժան վայրեր այցելելու առիթ մը պիտի ունենաք յատուկ հրաւէրով: Արուեստի գործեր ցուցադրող կեդրոն մը կամ թանգարան մը նորութիւն պիտի ըլլայ ձեզի համար:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մեկուսացումը անախորժ տրամադրութիւն կը ստեղծէ: Նկատի առէք այս իրողութիւնը եւ ըստ այնմ որոշեցէք օրուան ձեր պարտականութիւնը: Արթուն եղէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուշ ժամերուն քնանալը կը վնասէ ձեր առողջութեան: Որքան լաւ սնունդ, նոյնքան` լաւ քուն: Առողջութեան պայմաններն են ասոնք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տարին ընդհանրապէս դրական պիտի մնայ ձեզի համար: Հաճոյակատար ըլլալը կ՛օգնէ ձեր ընկերային յարաբերութեան լաւ ընթացքին:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ վիճաբանիք անիմաստ խնդրի մը համար: Ձեր լեզուին սանձ մը դրէք: Մի՛ կարծէք, որ ձեր իրաւունքն է պատասխանել ամէն հարցումի: Նախ հաստատեցէք լսուածը եւ ապա որոշեցէք արտայայտուիլ:

Leave a Reply

Advertisement