Saturday May 25, 2013

Արցախ. Նախագահ Սահակեան Կը Հրապարակէ Կառավարութեան Նոր Կազմը

By adminx - Mon Sep 24, 8:03 am

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 22 սեպտեմբերին ստորագրած է հրամանագիր մը` Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներուն նշանակման մասին:

Հրամանագիրին համաձայն, հաստատուած է կառավարութեան հետեւեալ կազմը. Արթուր Աղաբեկեան` փոխվարչապետ, Զոյա Լազարեան` առողջապահութեան նախարար, Արարատ Դանիէլեան` արդարադատութեան նախարար, Լեւոն Մնացականեան արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար, Կարէն Միրզոյեան` արտաքին գործոց նախարար, Անդրանիկ Խաչատրեան` գիւղատնտեսութեան նախարար, Սլաւիկ Ասրեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար, Նարինէ Աղաբալեան` մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար, Մովսէս Յակոբեան` պաշտպանութեան նախարար, Նարինէ Նարիմանեան` աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար, Կարէն Շահրամանեան` քաղաքաշինութեան նախարար եւ Սպարտակ Թեւոսեան` ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարար:

Leave a Reply

Advertisement