Monday May 20, 2013

Օպամա, Հոլլանտ Եւ Փութին Կը Շնորհաւորեն Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 21-ամեակը

By adminx - Mon Sep 24, 8:02 am

Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 21-ամեակին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց ուղերձը, որուն մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի, որ Հայաստան կը թեւակոխէ իր անկախութեան 22-րդ տարին, ինչ որ կը նշանաւորուի  երկու երկիրներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ ամուր ու տեւական կապերով: Նախագահ Օպամա կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգները հաստատակամօրէն պատրաստ են աջակցելու Հայաստանի շարունակական տնտեսական զարգացման ու ժողովրդավարացման եւ լիայոյս են, որ յառաջիկայ տարիներուն երկու երկիրներուն սերտ գործընկերութիւնը աւելի պիտի ընդլայնի:

«Ժողովրդավարութիւնը, բարեկեցութիւնը եւ խաղաղութիւնը ձեր երկրին մէջ խորացնելու մեր աշխատանքներէն զատ` մեր համագործակցութիւնը կը ներառէ նաեւ միացեալ ջանքեր ընդդէմ համընդհանուր մարտահրաւէրներուն, եւ մենք խորապէս կ՛արժեւորենք Հայաստանի մասնակցութիւնը ապահովութեան ուղղուած միջազգային առաքելութիւններուն Աֆղանիստանի ու Քոսովոյի մէջ, ուր քաջարի հայ զինուորները կը ծառայեն ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւններուն մէջ` ամերիկեան ուժերուն հետ միասին», կը նշէ Օպամա: Ան կ՛եզրակացնէ ըսելով, որ  Ամերիկան նաեւ մեծապէս հարստացած է հայկական ծագում ունեցող ամերիկացի քաղաքացիներու ներդրումներուն շնորհիւ եւ այսօր` այս տօնին առիթով, Ամերիկա եւ Հայաստան միասին կը նշեն նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ եղած երկարամեայ բարեկամական կապերը:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ նոյնպէս յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ նշեց, որ Հայաստան կրնայ հպարտ ըլլալ անկախութենէն ի վեր իր անցած ճամբով:

Նախագահ Հոլլանտ կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ առանձնայատուկ յարաբերութիւնները խորապէս խարսխուած են պատմութեան մէջ եւ կը յատկանշուին ֆրանսացի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեամբ: Հոլլանտ ցանկութիւն յայտնեց շարունակել քսան տարի առաջ սկսած առաքելութիւնը` ուղղուած երկու երկիրներուն միջեւ առանց բացառութեան բոլոր մարզերուն մէջ յագեցած եւ վստահելի յարաբերութիւններու կառուցման: «Կ՛օգտուիմ նաեւ այս առիթէն` ողջունելու համար ձեր կամքը առ այն, որ կարելի ըլլայ շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը: Ֆրանսան, իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, մեծագոյն կարեւորութիւնը կու տայ անոր»:

Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր յղած ուղերձին մէջ կը նշէ, որ վերջին տարիներուն Հայաստան նշանակալի յաջողութիւններու հասաւ ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ: Ըստ Փութինի, կ՛աճի Հայաստանի հեղինակութիւնը շրջանային եւ միջազգային ասպարէզներուն մէջ:

Ան գոհունակութեամբ նշեց հայ-ռուսական յարաբերութիւններու բարեկամական, կառուցողական բնոյթը, որ լիովին հաստատուեցաւ Մոսկուայի մէջ երկու նախագահներուն վերջին հանդիպման ընթացքին:   «Վստահ եմ, որ միացեալ ջանքերով մենք պիտի շարունակենք ամրապնդել մեր պետութիւններուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը, ընդլայնել ԱՊՀ-ի եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան համարկումի մեքանիզմներուն շրջագիծին մէջ արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութիւնը», կը գրէ Փութին:

 

 

Leave a Reply

Advertisement