Friday May 24, 2013

Նախագահ Սլէյման Դրուատեց Արսալի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Դերակատարութիւնը

By adminx - Mon Sep 24, 7:55 am

Նախագահ Սլէյման` կիպրական պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դրուատեց Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը, որուն նպատակն էր պաշտպանել լիբանանեան հողերը եւ առիթ չտալ անոնց օգտագործումին` ոեւէ մէկուն կողմէ:

Նախագահ Սլէյման դիտել տուաւ, որ բանակին առած քայլերը կը ծառայեն Լիբանանը այլոց բախումներէն չէզոք պահելու` գործադրելով Լիբանանի կառավարութեան եւ Ազգային երկխօսութեան նիստին որոշումները, ինչպէս նաեւ յարգելու Պաապտայի յայտարարութիւնը, որուն նպատակն է Լիբանանը զերծ կացուցել շրջակայ երկիրներուն տագնապներուն հետեւանքներէն ու պահպանել անոր գերագոյն շահերը, ազգային միասնականութիւնը եւ հողային ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն զօրակցելու իրենց բանակին եւ անոր անդամներուն տրամադրելու իրենց օժանդակութիւնը, որպէսզի բանակը կարենայ իր հակակշիռին տակ պահել լիբանանեան-սուրիական սահմանի կայունութիւնը եւ արգիլել Լիբանանի մէջ ապահովական գօտիի ստեղծումը, դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը եւ զինեալներու մուտքը:

Նախագահ Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կիպրական պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Էլիատիսի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս` պաշտպանութեան եւ ապահովական  մարզերուն մէջ:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ատամնաբուժներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնած է, որ Հըզպալլայի զէնքին պարտականութիւնն է պաշտպանել Լիբանանը եւ ոչ թէ Իրանը կամ Սուրիոյ վարչակարգը:

Leave a Reply

Advertisement