Վարչապետ Միքաթի Ուղղուեցաւ Նիւ Եորք
By adminx - Mon Sep 24, 7:54 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին մեկնեցաւ Նիւ Եորք, ուր պիտի գլխաւորէ ՄԱԿ-ի 67-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցելիք լիբանանեան պատուիրակութիւնը եւ Լիբանանի պաշտօնական խօսքը պիտի արտասանէ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն:
Լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Նաուաֆ Սալամ:
Կը նախատեսուի, որ իր խօսքին մէջ Միքաթի անդրադառնայ շրջանային զարգացումներուն եւ յատկապէս Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականներու հիւրընկալումին:
Այդ ծիրին մէջ վարչապետ Միքաթի պիտի հաստատէ, որ Լիբանան առանց միջազգային ընտանիքին օժանդակութեան անկարող է սուրիացի գաղթականներուն բեռին դիմանալ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Էլիատիսը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմմաթիսը:
Հանդիպումէն ետք Էլիատիս բաւարարուեցաւ ըսելով, թէ Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ յարաբերութիւնները աւելի քան լաւ են եւ թէ իրենք կը ջանան աւելի եւս ամրապնդել զանոնք: Ան աւելցուց, որ իրենց այսօրուան հանդիպումը բարեկամներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպում մըն է:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումը կատարելու` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այդ յաւելումները ֆինանսաւորելու միջոցներ կ՛որոնէ:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը կ՛աշխատի նաեւ պետական նշանակումները կատարելու ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ նիստին ընթացքին կառավարութիւնը արդէն իսկ պիտի սկսի այդ նշանակումները կատարել:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print




