Մանսուր. «Լիբանան Պիտի Շարունակէ Չէզոք Մնալ Սուրիոյ Տագնապին Նկատմամբ»
By adminx - Mon Sep 24, 7:53 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր շաբաթավերջին մեկնեցաւ Նիւ Եորք, ուր պիտի մասնակցի արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին, որ պիտի կանխէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը: Ան նշեց, որ Լիբանան կը շարունակէ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր չէզոք կեցուածքը պահել:
Մանսուր շեշտեց, որ լիբանանեան կառավարութիւնը կը մերժէ այլ երկիրներու ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալ, ինչպէս նաեւ կը հաւատայ, որ իր քաղաքականութիւնը Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ կայունութեան օժանդակող ճշգրիտ քաղաքականութիւնն է:
Միւս կողմէ, Մանսուր շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը շարունակէ հետեւիլ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի քաղաքացիներուն թղթածրարին, յատկապէս այդ իմաստով թրքական կողմին կատարած բանակցութիւններուն:
«Մենք մեծ յոյսեր ունինք, որ այդ բանակցութիւնները դրական արդիւնք պիտի ունենան», ըսաւ ան:
Մանսուր նշեց նաեւ, որ այս շաբթուան ընթացքին լիբանանեան դատական պատուիրակութիւն մը պիտի ուղղուի Լիպիա` շարունակելու համար իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր երկու ընկերակիցներուն անյայտացման հարցով հետաքննութիւնը:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print



