Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Mon Sep 24, 7:37 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան Ազգային երկխօսութեան նիստին` աւելցնելով, որ Հըզպալլա պէտք է յստակ կերպով ընդունի, որ իր զէնքը լիբանանեան է:
ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը շաբաթավերջին ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սահնաուի յայտնեց, որ պէտք է մշակել ընտրական օրէնք մը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ եւ քրիստոնեաներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ կը շեշտեն, որ ան մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Պէյրութ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանը նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով դատավարութեան թուական ճշդեց յառաջիկայ 25 մարտ 2013-ը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը պէտք է հիմնուի փոքր ընտրաշրջաններու վրայ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ իրենք համոզուած են համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական արդի օրէնք մը մշակելու անհրաժեշտութեան գծով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցած պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը կարեւոր է, սակայն կան որոշ կէտեր, որոնք աւելի կարեւոր պէտք է ըլլան, քան ինչ որ անոնք են հիմա:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ շեշտեց, որ իրենք դէմ են «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին, իսկ Հըզպալլա պատրաստ չէ երկխօսութիւն կատարելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս շեշտեց, որ պէտք է լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւն կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը պաշտպանող ազգային ուխտ մը մշակել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ` անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցած պաշտպանութեան ռազմավարութեան պատկերացումին յայտնեց, որ անոր մէջ Դիմադրութեան եւ անոր դերակատարութեան վերաբերող բանաձեւը անյստակ է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցած պաշտպանութեան ռազմավարութեան պատկերացումը դրական սկիզբ մըն է` Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի աշխատանքները շարունակելու:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը անցեալ շաբաթավերջին թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ` խախտելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը: Լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ այս ոտնձգութիւնները շարունակուեցան նաեւ, երբ իսրայէլեան օդուժը կեղծ յարձակումներ գործեց Մերժահիունի եւ Պընթ Ժպէյլի վերեւ:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print



