Wednesday Jun 19, 2013

«Քառեակին Մէջ Իրանի Ներկայութիւնը Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Համար Կենսական Է» Կ՛ըսէ Մուրսի

By adminx - Mon Sep 24, 7:19 am

Մոհամետ Մուրսի

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի յայտարարեց, որ Իրանի հետ յարաբերութեանց գոյութիւնը ներկայ պահուս Եգիպտոսի համար կարեւոր է, որպէսզի կարենայ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու միջոց մը գտնել:

Մուրսի պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին Իրանը նկարագրեց իբրեւ շրջանային գլխաւոր կողմ, որ կրնայ սուրիական տագնապի լուծման համար աշխուժ եւ աջակցող դերակատարութիւն մը ունենալ:

Նշենք, որ Մուրսի Եգիպտոսի շրջանային դերակատարութիւնը վերակենդանացնելու քայլով մը, անցեալ ամիս Իրանէն խնդրեց Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի կողքին մաս կազմել Սուրիոյ տագնապի լուծման կապի խմբակին:

Ան յայտնեց, որ «Սուրիոյ հետ Իրանի սերտ ու ուժեղ կապերը զայն սուրիական տագնապի լուծման «ազդու մասի» կը վերածեն, իսկ ես այս քառեակին մէջ Իրանի ներկայութիւնը բնաւ հարց մը չեմ նկատեր, այլ` հարցի լուծման մէկ մասը»:

Եգիպտոսի նախագահը յայտնեց, որ ուրբաթ օր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ եգիպտական նախաձեռնութեամբ կազմուած քառեակին մաս կազմող մնացեալ երեք երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ կրնայ հանդիպումներ ունենալ:

«Այս առումով Իրանէն հեռու չենք եւ Իրանի հետ խորքային հարց մը չունինք. աշհարհի այլ երկիրներու նման հարցը բնական է», նշեց Մուրսի:

Ուրֆա նահանգին մաս կազմող Աքչեքալէ գաւառի պետ Ապտել Հաքի Էյհան «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ Ռաքքա շրջանին մէջ գտնուող Թել Ապիատի գիւղին մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենան: Բախումները ընթացք առած են սուրիական ընդդիմութեան կողմէ Թել Ապիատի սահմանային անցքին, Ներքին ապահովութեան գրասենեակին եւ սուրիական գաղտնի սպասարկութեան պատկանող շէնքի մը գրաւումէն ետք:

Էյհան ըսաւ, որ Սուրիոյ հետ սահմանամերձ Արըճան եւ Կիւլվերան գիւղերուն միջեւ գտնուող շրջանին մէջ հրասանդի հրթիռներ ինկած են: Շրջանի բնակչութիւնը ահ ու սարսափի մատնուած է, եւ ապահովական ուժերը շրջան փութացած են: Ան մաղթած է, որ «այս պատերազմը շուտով վերջ գտնէ, որպէսզի բոլորը խաղաղութեամբ ապրին»:

Մինչ այդ, թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ օրաթերթին յայտնեց, որ  Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ վերջերս տեղի ունեցած դէպքերուն պատճառով թրքական ուժերը ապահովական միջոցառումները ամրապնդած են:

Միւս կողմէ, Դամասկոսի մէջ երէկ իր աշխատանքներուն սկսաւ ընդդիմադիր ուժերու «Յանուն Սուրիոյ փրկութեան» կարգախօսով ընդհանուր ժողովը: Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարական փոփոխութիւններու համար ազգային համակարգող յանձնախումբի նախաձեռնած ընդհանուր ժողովին կը մասնակցին 15 ընդդիմադիր կուսակցութիւններ եւ ութ քաղաքացիական հասարակութեան շարժումներ: Ժողովին ներկայ են նաեւ Ռուսիայէն, Չինաստանէն, Իրանէն եւ Սուրիոյ հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները չխզած շարք մը արաբական երկիրներէ դիւանագէտներ:

Խորհրդաժողովին մասնակիցները կը քննարկեն վարչակարգի փոփոխութեան եւ ժողովրդավարական պետութեան անցման հիմնահարցերը, «յեղափոխութեան ուժային գօտի տեղափոխման» պատճառով յառաջացած սուրիական պետութեան ու հասարակութեան սպառնացող վտանգները: Շարք մը ընդդիմադիր անձնաւորութիւններ եւ խմբակներ չեն մասնակցիր այս ժողովին:

Սուրիական ազատ բանակը կը մերժէ ճանչնալ այս ժողովը: Ըստ անոր, ներկայացուցիչներու ժողովին մասնակիցները «իրական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ» չեն նկատուիր, «անոնք պարզապէս սուրիական վարչակարգի մէկ այլ դէմքն են», իսկ «այդ խորհրդաժողովին նպատակը միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելն է եւ ներկայացնել Սուրիոյ մէջ իբրեւ թէ ընթացող քաղաքական հոլովոյթը»:

Ներքին ընդդիմութեան ընդհանուր ժողովը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով կոչ ուղղեց` «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ անոր վարչակարգի իշխանութեան խաղաղ միջոցներով վերջ տալու», իսկ Սուրիոյ տագնապի առնչակից կողմերուն` «տագնապին լուծում մը գտնելու համար բանակցելու»:

Նշենք, որ յորդանանեան ուժերը երէկ ձերբակալեցին Յորդանանէն Սուրիա ներթափանցել փորձող խմբակի մը անդամները, որոնց շարքին էր Իրաքի մէջ Քայիտայի նախկին ղեկավար Ապու Մասաապ Զարքաուիի քրոջ տղան:

 

Leave a Reply

Advertisement