Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Mon Sep 24, 5:30 am
- 0 Comments
- 90 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կը սպասես աւելի լաւը, կը ջանաս հասնիլ լաւագոյնին, բայց դուն հաւատա՛ կարելիութիւններուդ ուժին: Այդպիսով կրնաս տիրանալ լաւագոյնին: Ինքնաճանաչումը յաջողութիւն է արդէն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարին մտածէ, բարիքը կու գայ ինքնաբերաբար: Գիտցիր տարբերութիւնը ժլատութեան եւ վեհանձնութեան: Հեռու կեցիր ինքնագով մարդէն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը եկած է վճարելու ձեր մուրհակին մասնավճարը: Պիտի կարենաք նոր համաձայնութիւն մը կնքել դրամատնային հաշիւին կապակցութեամբ: Պիտի կարենաք որդեգրել նոր եւ դիւրին պարտաւորութիւն մը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ժամադրութեան թուականը միտք պահեցէք: Այս պարագային մոռացումը կրնայ խանգարել պատրաստուած ծրագրին իրագործումը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ունիք կարողութիւնը` ձեւաւորելու նոր ձեռնարկուած աշխատանքը: Այս առիթով պիտի դրսեւորուի ձեր թաքուն կարողութիւնը: Օրը յաջող է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ մտահոգուիք վաղուան ունենալիք ձեր հանդիպումին համար, որովհետեւ լաւ պատրաստուած էք, հետեւաբար մտահոգուիլը աւելորդ է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ո՛ւր որ երթաք, ի՛նչ վիճակի մէջ ալ գտնուիք, պիտի կարենաք յարմարիլ կացութեան: Ձեր յաջողութեան գաղտնիքը ձեր այս կեցուածքն է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Տարաձայնութիւններու ականջ մի՛ տաք: Ձեր լսած լուրը հիմք չունի, հետեւաբար մտահոգուիլը զուր է: Արուեստի իրագործում մը կատարեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանեկան հարց մը կարգադրելու համար կողմ մի՛ ըլլաք: Քոյր-եղբայրներու միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը անկեղծ հիմք պէտք է ունենայ: Կասկածը հեռացուցէք ձեր միտքէն եւ սիրտէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր սպասած հիւրերը պիտի փոխեն իրենց որոշումը, ուրեմն յետաձգեցէք ձեր աշխատանքը: Այս երեւոյթը բնական նկատեցէք, ինչ որ անհատական է: Շարունակեցէք ձեր առօրեայ գործերը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութեան ծոցին, լռութեան մէջ պիտի ունենաք հաճելի հանդիպում մը` ձեր բարեկամներուն հետ: Օրը պիտի անցնի զուարթ, սիրալիր:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վերամուտը մտահոգած է ձեզ. այսուհանդերձ, ձեր կարծածին չափ դժուար լուծելի հարցեր պիտի չունենաք: Յոռետեսութիւնը վանեցէք ձեզմէ:
- 0 Comments
- 90 views
- Tweet
Email
Print



