Tuesday May 21, 2013

Հեծելարշաւ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութի Մաս Կազմող Պրունօ Տապաղեան Պիտի Ներկայացնէ Լիբանանը

By adminx - Sat Sep 22, 6:05 am

Վաղը` կիրակի, 23 սեպտեմբերին, Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ տեղի պիտի ունենան հեծելարշաւի աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ բազմաթիւ հեծելանւորդներու, ժամանած 57 երկիրներէ:

Այս ախոյեանութեան, որուն ընդհանուր երկարութիւնն է 127 քմ, Լիբանանը պիտի ներկայացնէ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Պրունօ Տապաղեան:

Այսպիսով, 8 մարտ 1994-ին ծնած Տապաղեան կը հանդիսանայ առաջին լիբանանցին, որ կը մասնակցի աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութեան (17-18 տարեկան դասակարգ):

Նշենք, որ ան յաւելեալ փորձառութիւն ունենալու համար Իկըլի մէջ (Զուիցերիա) մասնակցեցաւ բաւական փորձերու` միջազգային մեծ փորձառութիւն ունեցող մարզիչներու հսկողութեամբ:

 

Leave a Reply

Advertisement