Հանրապետական Մաղթանք` Ս. Էջմիածինի Մէջ
By adminx - Sat Sep 22, 7:48 am
- 0 Comments
- 51 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ, Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 21-ամեակին առիթով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւն` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ:
Վեհափառը նաեւ շնորհաւորական ուղերձ յղեց անկախութեան օրուան առիթով, որուն մէջ մասնաւորաբար ըսուած է, որ անկախութեան հռչակումով հայ ժողովուրդը ընտրեց ազատ ապրելու եւ բարեշէն իր կեանքը կառուցելու դժուար, բայց եւ արժանապատիւ ճամբան: Վեհափառը նշեց, որ անկախութեան պատմութիւնը նորագոյն մեր տարեգրութեան հրաշապատումն է` հիւսուած մեր ժողովուրդի արիասիրտ զաւակներուն հաւատքով ու տեսիլքով: Ան յայտնեց, որ անկախութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է ի դիմաց այն զրկանքներուն ու կորուստներուն, զորս հայ ժողովուրդը կրեց Ցեղասպանութեան եւ խորհրդային աստուածամերժութեան հալածանքներուն տարիներուն: «Այսօր մենք գոհութիւն եւ փառք կը մատուցենք Աստուծոյ, որ անկախութեան քսանմէկ տարիներուն ընթացքին արձանագրեցինք բազմաթիւ ձեռքբերումներ ու յաջողութիւններ` ունենալով նաեւ դժուարութիւններ ու ձախողութիւններ»:
«Կը հաւատանք, որ հակառակ ներկայ մարտահրաւէրներուն, պիտի շարունակենք հետեւողական ջանքերով, աննահանջ ոգիով զօրացնել հայոց պետականութիւնը` հերոսական նոր էջեր աւելցնելով մեր ժողովուրդի տարեգրութեան մէջ», իր ուղերձին մէջ գրեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:
- 0 Comments
- 51 views
- Tweet
Email
Print



