Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Պետական Յանձնախումբը Գումարեց Իր Բ. Նիստը. Համագործակցութեան Լաւագոյն Օրինակ Նկատուեցաւ Լիբանանի Կեդրոնական Յանձնախումբին Գործունէութիւնը
By adminx - Sat Sep 22, 7:47 am
- 0 Comments
- 241 views
- Tweet
Email
Print
Ինչպէս մեր երէկուան թիւով հաղորդած էինք, հինգշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2012-ի յետմիջօրէին Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Հայաստան` իր մասնակցութիւնը բերելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի երկրորդ նիստին: Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցան Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Ապա անոնք միասնաբար մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի ժողովին: Յայտնենք, որ նիստէն առաջ երկու վեհափառ հայրապետները Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին ներկայութեան առանձին հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հետ: Յիշեալ հանդիպման ընթացքին լայն անդրադարձ եղաւ Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի թուականը` 2015-ը, պիտի չըլլայ բացառիկ իրադարձութեան տարի: «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հաղորդումով` Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ յանձնախումբի հիմնական հարցադրումներէն մէկն է, թէ ի՞նչ ձեւով պիտի շարունակեն Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հանրահռչակման հոլովոյթը. արդեօ՞ք պիտի սահմանափակուին գրահրատարակչութեամբ կամ դասախօսութիւններ կազմակերպելով:
«Թրքական կողմը, ի վերջոյ, կ՛ուզէ, որ 2015 թուականին ցունամին գայ, ու իրենք հանգստանան: Առաջին ուղերձը իրենց պէտք է ուղղենք, որ 2015-ով ոչինչ կը վերջանայ: Երբեք պէտք չէ տրամադրուինք, որ 2015 թուականին, եթէ որոշ լուրջ արդիւնքներու չհասնինք, ապա պէտք է հիասթափուինք», նշեց Դեմոյեան: Ըստ անոր, 2015 թուականով ոչ մէկ բան կ՛աւարտի, հակառակը` ամէն ինչ նոր կը սկսի:
Ան կարեւոր նկատեց տարբեր երկիրներու ուսումնական դասագիրքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստի մասին գոնէ երկու-երեք պարբերութեան սահմաններուն մէջ տեղեկութեան տեղադրումը: Ան փոխանցեց, որ գոյութիւն ունին միայն երկու-երեք դէպքեր, երբ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հպանցիկ կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին, այնինչ ասիկա ռազմավարական առումով անկիւնաքարային մօտեցում պէտք է ըլլայ:
Յանձնախումբի նիստին ներկայացուած է քարտուղարութեան հաշուետուութիւնը, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ կարգի աշխատանք կատարուած է, ո՛ր երկիրներուն մէջ արդէն կը գործեն տեղական յանձնախումբեր: Դեմոյեանի համաձայն, արդէն իսկ կան շահաւէտ համագործակցութեան դրական արդիւնքներ: Իբրեւ օրինակ Դեմոյեան նշեց Լիբանանի կեդրոնական յանձնախումբը, որ այս տարի արդէն կրցած է կազմակերպել երկու մեծ նախաձեռնութիւն` կապուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին հետ:
Սուրիոյ դէպքերուն պատճառով վերջերս վնասուած Մարկատէի մատրան վերանորոգումը յանձն առած է 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբը:
Յանձնախումբի նոր անդամներ նշանակուած են ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութիւններուն ատենապետները եւ «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան:
- 0 Comments
- 241 views
- Tweet
Email
Print



