Մատենադարանի Գլխաւոր Մասնաշէնքը Վերաբացուեցաւ
By adminx - Sat Sep 22, 7:43 am
- 0 Comments
- 72 views
- Tweet
Email
Print

Մատենադարանի տնօրէնը, Գարեգին Բ. կաթողիկոս, նախագահ Սարգսեան եւ Արամ Ա. կաթողիկոս` Մատենադարանի գլխաւոր մասնաշէնքի վերաբացման պահուն
Մաշտոցի անուան Մատենադարանի գլխաւոր մասնաշէնքը ամբողջական նորոգութեան ենթարկուելէ ետք 20 սեպտեմբերին վերաբացուեցաւ: Հիմնական մասնաշէնքը այսուհետեւ պիտի գործէ իբրեւ թանգարանային համալիր` 14 ցուցասրահներով, նախապէս գործող միայն մէկ սրահի փոխարէն: Մասնաշէնքի բացման արարողութեան ընթացքին Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան նշեց, որ հին ցուցանմուշներէն բացի, այսուհետեւ ներկայացուած պիտի ըլլան նաեւ արեւելեան մշակոյթի բացառիկ նմուշներ, ինչպէս նաեւ Վասպուրականի եւ Արցախի մանրանկարչութեան գոհարներ:
«Մատենադարանն աշխարհի այն եզակի թանգարաններից է, որտեղ ցուցադրւում են բացառիկ ցուցանմուշներ, որոնցից իւրաքանչիւրն ենթարկւում է գիտական ուսումնասիրութեան: Այցելուներն արդէն հնարաւորութիւն ունեն ծանօթանալու նրանց արժէքների հետ, որոնք ներկայացուած են 14 ցուցասրահներում», յայտնեց ան:
Անոր համաձայն, յատուկ ուշադրութեան արժանացած է Արցախի մանրանկարչութիւնը, որուն բացառիկ օրինակներու բարձրարուեստ կրկնօրինակները պիտի ուղարկուին Արցախ, եւ եթէ կարելի ըլլայ, մասնաշէնք մը պիտի բացուի նաեւ Շուշիի մէջ:
Մատենադարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի գործէ «Վիրթուալ Մատենադարան» ցուցասրահը, որ պիտի նպաստէ ցուցադրուող նմուշներու օգտագործման, Մատենադարանի, հայ գրչութեան կեդրոններու եւ գրաւոր մշակոյթի վերաբերեալ տեղեկութեան տարածման, տարաբնոյթ կրթական ծրագիրներու իրականացման: Սրահները նորոգուած են` նկատի ունենալով ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման արդի չափանիշերը: Հիմնական ցուցադրութիւններէն բացի, պիտի կազմակերպուին նաեւ յատուկ նիւթերով ցուցահանդէսներ:
- 0 Comments
- 72 views
- Tweet
Email
Print



