Ապահովական Միջադէպեր, Նախազգուշութիւններ Եւ Ձերբակալումներ
By adminx - Sat Sep 22, 7:32 am
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print
Անծանօթ զինեալներ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին մուտք գործեցին Սայտայի հին ճամբուն վրայ, Կալըրի Սըմաանի մօտ գտնուող «Ահլի» դրամատունը եւ գողցան 20 հազար տոլարի գումար մը:
Դրամը գողնալէ ետք անոնք փորձեցին մոթորսիքլեթով փախուստ տալ, սակայն մոթորսիքլեթի խանգարումին պատճառով վազելով փախուստ տուին:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին` հարաւային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի մէջ գտնուող ֆրանսական հաստատութիւնները պաշտպանելու համար:
Նշենք, որ ներքին ապահովութեան ուժերու Թրիփոլիի ոստիկանատան պատասխանատու Պասսամ Այուպի յայտնեց, որ Թրիփոլիի սերային ու Թրիփոլիի «Քէյ. Էֆ. Սի.» ճաշարանին դէմ յարձակելու եւ բռնարարքներ գործելու յանցանքով, ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են 14 յանցագործներ:
Ըստ նախնական հետաքննութեան, ձերբակալեալները ուղղակի կապ ունին Ֆաթհ իսլամ շարժումի անդամներէն մէկուն հետ:
Ապահովական այլ միջադէպ մը պատահեցաւ երէկ, երբ Ղպէյրիի մէջ լիբանանեան բանակը փորձեց ձերբակալել Քարաքի ընտանիքին մէկ անդամը: Նոյն ընտանիքէն զինեալներ կրակ բացին բանակի ջոկատին վրայ եւ վիրաւորեցին զինուորներ:
Այլ գետնի վրայ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ քաղաքական որոշում տրուած է Լիբանանի մէջ ամէն տեսակի առեւանգումները կասեցնելու համար: Ան նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը շատ լուրջ է իր հեղինակութիւնն ու իշխանութիւնը գետնի վրայ պարտադրելու:
Պատասխանելով Սուրիոյ մէջ լիբանանցի քաղաքացիներուն առեւանգումին մասին հարցումի մը` Շարպել յայտնեց, որ թուրքերը լաւ գիտեն, թէ իրենք միակ կողմն են, որոնք կրնան զանոնք ազատ արձակել: Ան նշեց, որ լիբանանցի քաղաքացիները ազատ արձակելու իմաստով խոչընդոտներուն 90 առ հարիւրը արդէն իսկ լուծուած է:
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print



