Sunday May 26, 2013

Էրտողան Կը Ջնջէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Մասնակցելու Համար Իր Նիւ Եորք Այցելութիւնը

By adminx - Sat Sep 22, 7:24 am

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ ջնջեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար իր Նիւ Եորք այցելութիւնը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ Էրտողան Նիւ Եորք այցելութիւնը ջնջած է` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան յառաջիկայ 4-րդ ընդհանուր ժողովին պատրաստութեանց եւ խճողուած ժամանակացոյցին պատճառով: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու պիտի ներկայացնէ Թուրքիան:

Leave a Reply

Advertisement