Հայաստանի Մէջ Սկսաւ Գործել «Եռագոյն» Լրատուական Կայքը` Արեւմտահայերէնով
By adminx - Sat Sep 22, 7:18 am
- 0 Comments
- 168 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 21-րդ տարեդարձին օրը հայաստանեան լրատուադաշտը օժտուեցաւ արեւմտահայերէն վերլուծական-լրատուական «Եռագոյն» կայքէջով: http://www.yerakouyn.com/
«Եռագոյն» կայքի մտայղացման հեղինակներն են Խաժակ Մկրտիչեան, Նայիրի Մկրտիչեան եւ Նարինէ Տումանեան:
Այս առիթով Նայիրի Մկրտիչեան յայտնեց, որ արեւմտահայ ընթերցողին այս ձեւով կը հրամցուին հայաստանեան եւ սփիւռքեան լրատուութիւնները մատչելի լեզուով: Ըստ անոր, ինքնուրոյն լուրերու եւ յօդուածներու կողքին կայքին մէջ տեղ պիտի գտնեն Հայաստանի ու սփիւռքի հիմնական լրատուամիջոցներուն հրապարակած նիւթերը Հայաստանի եւ սփիւռքի վերաբերեալ:
«Ազդակ»-ի խմբագրական կազմը կը շնորհաւորէ «Եռագոյն» կայքէջը եւ յաջողութիւն կը մաղթէ անոր առաքելութեան:
- 0 Comments
- 168 views
- Tweet
Email
Print




