Tuesday May 21, 2013

Առիւծասիրտ, Մեծահոգի Ընկեր Գէորգը

By adminx - Sat Sep 22, 5:44 am

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Ընկերաբանները, երբ կը փորձեն սահմանել մարդոց միջեւ ընկերութիւն հաստատելու հիմնական նախադրեալները, առաջին հերթին տարիքը կը յիշատակեն` որպէս առաջնահերթ պայման ամրակուռ  ու երկարաձիգ ընկերութեան: Այս օրինաչափութեան չհետեւեցաւ մեր սիրելի վաղամեռիկ Գէորգ Կարապետեանը: Իւրայատուկ իր անհատական նկարագրային երանգներով կրցաւ դառնալ բոլորին ընկերը` երիտասարդին, ուսանողին, բանուորին, հարուստին ու կարիքաւորին: Ճիշդ այդ մէկուն համար իր բառարանին մէջ ամէնէն շատ հնչող բառը դարձաւ «ՇԸՐԻՔ»-ը՝ գործակից: Գումարելով իր գաղափարակից ընկերներու մեծաթիւ հոյլը, կրնամ հաստատել, որ ան դարձաւ բոլորին սիրելի ընկերը, եղբայրն ու սրտակիցը:

Իր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները դարձուցած էր իր ուղեցոյցը, ներշնչման աղբիւրը` հակառակ անոնց մէջ անթեղուած բազում դժուարին օրերուն եւ դառն յիշատակներուն: Սակայն, առանց վարանելու, հպարտութեամբ կը խօսէր անոնց մասին: Քաջութեամբ կը պատմէր, թէ մաքառումի  իր անսպառ տենդով, դժուարին պայմաններու տակ, իր եւ ընտանիքին առօրեան  ապահովելու համար առաւօտուն կարկանդակ ծախած էր , երեկոյեան` թերթ բաժնած ու գիշերը՝  ինքնաշարժ նորոգող եղած: Այդպէս, դժուարութիւնները կոփած էին իր նկարագիրը, յղկած` իր անհատականութիւնը:

Աւելի ուշ, իր գիտակցական տարիքին, որոշեց  միանալ ՀՅԴ-ի շարքերուն:Այդպէս պսակադրուեցաւ իր ազգային տենչին հասնելու երազը: Ան սեփականացուց ու անջնջելի կերպով արձանագրեց իր յայսմաւուրքին մէջ, «… թէ յեղափոխական գործին մէջ իրաւունքի եւ պահանջի խնդիր չի կրնար ըլլալ, այլ միայն` բարոյական պարտաւորութեան ու բաւարարութեան խնդիր»:

Դաշնակցականութիւնը դարձուց իր էութեան մէկ մասնիկը, իր վէմը: Անոր մէջ փնտռեց ու գտաւ անանձնական հոգեկան խանդաղատանքը` ծառայութեան ու նուիրումի ընդմէջէն:

Վանեց մեղկութիւնը իր բառարանէն. խիզախութիւնն ու արիութիւնը եղան իր գաղափարապաշտ մարդու աչքառու նկարագիրը: Այս երանելութիւնը շքեղօրէն զարդարեց իր հանրային-կուսակցական ծառայութեան կենսագրականի էջերը: Իրեն համար չկար մեծ ու պզտիկ ծառայութիւն, կար անձնդիր նուիրումի խնդիր:

Ուսման հանդէպ յատուկ ակնածանք ունէր: Բախտը չունեցաւ բարձրագոյն ուսում ստանալու, բայց յաջողեցաւ այդ բացը գոցել` համախմբելով երիտասարդ ուսանող տարրերը գաղափարական հնոցի մէջ: Անոնց մէջ տեսաւ ապագայ սուրիահայութեան օրինակելի առաջատարրերը, որոնք պիտի հարստացնէին ազգային -կուսակցական հանրային կեանքը` նոր աւիշով, ինքնուրոյն եւ անկախ մտածողութեամբ: Լայնասրտութեամբ, երբեմն ալ կոշտութեամբ դիմակալեց այս շերտին յախուռն ու արկածախնդրական մտածողութիւնը, բայց` միշտ քաջալեր ըլլալով իրենց նախաձեռնութիւններուն, քաջ հաւատալով, որ միայն կենդանի գործին ընդմէջէն պիտի կերտուէր ճշմարիտ բիւրեղ գաղափարական Դաշնակցական մարդը:

Այդ հոյլ մը երիտասարդներու հնոցին մէջ եղաւ այն մակարդը, ուր պիտի ուռճացնէր գաղափարական այնպիսի խանդ , որուն ականջալուր պիտի ըլլային անմիջական իր շրջապատի Հրայրները, Մուրատները, Կիկոները, Արսէնները, Անդոները, Հրաչները, Յակոբները, Յարութները ու բազում նուիրեալ գաղափարապաշտ ընկերներ, որոնք բոլորուած նոր տեսլականներու շուրջ, որոնց առանցքը կը կազմէր` թօթափել 60- ական թուականներու սուրիահայութեան յիշողութեան մէջ ծանր նստած անձուկ քաղաքական մթնոլորտի սեւ քողը, կենսագործելով  նոր ժամանակներու հրամայականները, քայլ պահելով ժայթքող հայկական պահանջատիրութեան արդի թելադրողականութեան:

Իրեն համար Աբրահամ Կոստանեաններու, Գէորգ Առաքելեաններու, Եագուպ Քահքեճեաններու սխրագործած ուղին եւ դժուարին մարտահրաւէրը, որ կը պահանջէր յաւելեալ խիզախութիւն, անսակարկ նուիրում, ասպետութիւն, դարձաւ կեանքի ճանապարհ ու անփոխարինելի ընտրանք: Այսպէս, իր համեստ, լուռ ներկայութեամբ գործեց ու պատգամեց:

Ամրօրէն կարգապահութեան կառչիլը եղաւ իր խօսակցական լեզուն, նոյնիսկ երբ իր մարդկային մէկ տկարութեամբ, թեթեւօրէն յանցագործեց ի՛ր իսկ դաւանած օրէնսգրքին` կանոնագրին, Աղբալեանի վեհութեամբ, Սպաղանց Մակարի արիութեամբ տարաւ ու ընդունեց կուսակցական կամքի արտայայտութիւնը:

Համադրող ու խիզախ ոճովը` սովոր էինք զինք տեսնել որպէս ժողովներու  նախագահ: Բծախնդիր ժողովավարական կանոններու կիրարկման, համբերատարութեամբ, միեւնոյն ատեն խստապահանջութեամբ, միշտ  կը փորձէր իր կարելին` ժողովը հասցնելու խաղաղ ու արդիւնաբեր ափունք:

Վաղահաս բաժնուեցաւ մեզմէ: Իր ներկայութիւնը պիտի փնտռենք, մանաւանդ` այս դժուար օրերուն, երբ պիտի իմաստաւորուէին իր փորձառու խորհուրդները ու ոգեպնդիչ յորդորները, որոնք յոյս ու կորով պիտի ներշնչէին  իր շրջապատին ու սիրելիներուն, եւ մանաւանդ` գաղափարակիցներուն:

ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը դարձաւ իր ամենասիրելի միջավայրը: Եւ տարօրինակ  չէր, որ իր վերջին հանգստարանը ըլլար ՀՄԸՄ-ի  Հալէպի պանթէոնը, իր պաշտած  կազմակերպութեան անմահներու հաւաքական շիրիմը: Իր պաղ մարմինը, միաձուլուելով  հոն ննջած սիրելի եղբայրներուն աճիւններուն հետ, շռնդալից ձայնով պիտի պատգամէ նորահաս սերունդներուն իր ախոյեան երթի մասին, յանուն հայ ազգի եւ յանուն Հայաստանի:

Յիշատակդ անթառամ, սիրելի՛ «ՇԸՐԻՔ»:

Սգակիր ընկեր` ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Թորոնթօ-Քանատա

 

1 Comment

Comments -49 - 0 of 1First« PrevNext »Last
  1.    2007  ԹՈՒԻ  Հ.Մ.Ը.Մ.  ԱՄՄԱՆ  ԳՈՒՄԱՐՈՒԱԾ  ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ  ԺՈՂՈՎԻՆ  ԱՌԻԹՆ  ՈՒՆԵՑԱԾ  ԵՄ  ԾԱՆՕԹԱՆԱԼՈՒ  ԵՒ  ՄՏԵՐՄՈՒԹԻՒՆԸ  ՎԱՅԵԼԵԼՈՒ  ՀԱՆԳ.  ԵՂԲ.  ԹԷ  ԸՆԿ.  ԳԷՈՐՔԻ:  ՎԵՐՈՅԻՇԵԱԼ  ԳՐՈՒԹԵԱՆ  ԱՄԷՆ  ՄԻ  ԽՕՍՔ  ԿԵԿՐՐՈՐԴԵՄ  ՈՒ  ԱՒԵԼԻՆ:  ԱՍՏՈՒԱԾ  ՀՈԳԻՆ  ԼՈՒՍԱՒՈՐԷ  ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ  ԸՆԿԵՐԻ ՏԻՊԱՐԸ  ԱՐԴԱՐՕՐԷՆ  ՄԱՐՄԱՆԱՒՈՐՈՂ  ՍԻՐԵԼԻ  ԳԷՈՐՔԻՆ,  ՈՐՈՒՆ  ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ  ԱՅՍՕՐ  ԱՒԵԼԻ  ՔԱՆ  ԵՐԲԵՔ  ԶԳԱԼԻ  Է:

Comments -49 - 0 of 1First« PrevNext »Last

Leave a Reply

Advertisement