Tuesday May 21, 2013

Սիրելի Սօսիին

By adminx - Sat Sep 22, 5:46 am

ՍԻԼՎԱ ՓԱՆՈՅԵԱՆ-ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Բօթը ցնցած էր բոլորս. քառասուն օրեր առաջ անակնկալի եկած էինք բոլորս` Հայագիտական հիմնարկի նախկին ուսանողներու թէ ակումբի շրջանակներուն մէջ: Հայագիտականի մշտադալար ծառէն տերեւ մը եւս ինկաւ ահա…

1974-75 տարեշրջանին մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցայ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն հիմնարկի նախաձեռնած դասընթացքին: Մինչեւ ապրիլ 1975-ի սկիզբը տեւած քանի մը ամիսները անմոռանալի յիշատակներ թողեցին մէջս: Այսօր այդ դասարանէն գրեթէ «մարդ» չէ մնացած: Չկայ Պետիկը (Հերկելեան), չկայ Վերքինը (Փիշտիմալճեան), չկայ Յովհաննէսը (Լուրջեան), չկայ Նորիկը (Անճելոն): Մնացեալներուն մեծ մասը տիեզերքի հեռաւոր ափերուն` ամերիկաներու եւ եւրոպաներու մէջ կը կենդանացնեն իրենց Հայագիտական մտապատկերը: Լիբանանեան պատերազմի բերումով ընդհատուած Հայագիտականի դասընթացքը երբ վերսկսաւ 1981-ին, դարձեալ դիմեցի` անցնելով երկրորդ դասարան: Հոն էր, որ ծանօթացայ Սօսիին: Կլոր ու գեղեցիկ դէմքով կը գրաւէր խօսակիցը: Համոզումներուն մէջ վճռական էր: Ազգասէր ու նախաձեռնող` քաջատեղեակ էր շրջապատին, յատկապէս հայութեան առնչուող լուրերուն: Տակաւին երէկ էր կարծէք, երբ յուլիս 1983-ին Լիզպոնի դէպքը պատահեցաւ, իսկ մենք ձայնասփիւռի փոքր գործիքը (թրանսզիսթէօրը) ականջնիս դրած` Փալանճեան (այժմ` Արսլանեան) Ճեմարանի ծառերուն տակ ուշի ուշով կը հետեւէինք դէպքի վերջին զարգացումներուն առնչուող լուրերուն: Երկրորդ «Լիզպոն» մըն ալ այդ օր Ճեմարանի մէջ ապրեցանք… Մեր մտերմութիւնը հետզհետէ սերտացաւ, երբ Հայագիտականի գրասեղաններէն անցանք ԼԵՄ-ի պաշտօնաթերթ` «Ռազմիկ»-ի խմբագրութեան: «Տաք» ժողովներ էին «Ռազմիկ»-ի հիմնադիր, խմբագրական այդ ժողովները: Տարակարծութիւններն ու վիճաբանութիւնները ի վերջոյ կը յանգէին բարւոք լուծման: Ակումբէն ու դասերէն դուրս, սերտացաւ նաեւ մեր ընկերային կապը, այնքան մը, որ երբ առաւօտ մը իր քրոջ որդիին` փոքրիկ Տիգրանիկին կը հարցնեն, թէ առտու կանուխ ո՞ւր երթալու կը պատրաստուիս, Տիգրանիկ կ՛ըսէ` «ծով»: Ու երբ հարց կը տրուի, թէ որո՞ւ հետ ծով պիտի երթան, ո՞վ պիտի տանի… Կը պատասխանէ` «շոֆէօր Սիլվան»: Այս դէպքը յաճախ կը յիշէինք եւ կուշտ ու կուռ կը խնդայինք: Ճակատագիրը տարբեր ուղի գծած էր մեզմէ իւրաքանչիւրին: Ինք Քանատա մեկնած էր, իսկ ես` Ֆրանսա: Երբ Լիբանան վերադարձայ իմացայ, որ «Սօսեաց անտառ» խորագրեալ կնոջական պարբերաթերթ մը սկսած է հրատարակել Քանատայի մէջ: Ի՜նչ երանելի գործ, որուն այնքա՜ն պէտք ունինք: Անոր գրական վաստակը` կուսակցական իր գործունէութեան կողքին, յաւելեալ հայկականութիւն կը դրոշմէր իր ուղղամիտ, շէն ու գործնապաշտ խառնուածքին վրայ: Յաճախ հանդիպած ենք անոր գրութիւններուն` «Ազդակ»-ի մէջ, առաւելաբար` «Սանահին» ստորագրութեամբ:

Սօսին գնաց, կորուստը մեծ է, կը մնայ, որ մնացողներս, անոր յիշատակը յարգողները, յատկապէս Հայագիտականի այդ սերունդի «մնացորդացը» շարունակէ իր ճամբան եւ ինչու չէ` իրականացնէ նաեւ Սօսիին հայաշունչ երազները:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Սօսի:

 

 

Leave a Reply

Advertisement