Վաղաժամ Եւ Անակնկալ Կորուստ (Սօսի Առաքելեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
By adminx - Sat Sep 22, 5:48 am
- 0 Comments
- 96 views
- Tweet
Email
Print
ՏՈՔԹ. ԳՐԻԳՈՐ ԷՃԻՏԵԱՆ
Ցնցիչ անակնկալ էր Սօսիին մահուան բօթը: Կանուխ էր: Քառասուն օր ետք իսկ, տակաւին դժուար է հաշտուիլ զինք կորսնցնելու գաղափարին հետ:
Սօսին ծնած էր Հալէպ 1959-ին: Ան դուստրն էր Գէորգ եւ Մարի Ժոզեֆին Առաքելեան ամոլին:
Ուսանած էր Այնճարի «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարաններուն մէջ, որոնցմէ ետք մէկ տարի յաճախած էր Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը:
Ան աւարտած էր Համազգայինի Հայագիտական բարձագոյն հիմնարկը, որմէ ետք ան ստացած էր պատմութեան մագիստրոսի վկայականը` Երեւանի պետական համալսարանէն:
Սօսին կազմաւորուած էր ազգային դաշնակցական միջավայրի մէջ` սկսելով ընտանեկան մթնոլորտէն: Ան ԼԵՄ-ի գործօն անդամ եղած էր եւ մաս կազմած էր «Ազդակ» օրաթերթի երիտասարդական էջի խմբակին:
Ապա ան մաս կազմած էր ԼԵՄ-ի նորաստեղծ «Ռազմիկ» պարբերաթերթի խմբագրական կազմին : Հետագային նոյն թափով միացած էր Զաւարեան ուսանողական միութեան: Համալսարանական շրջանի աւարտէն ետք փոխանցուած էր ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութիւն:
Հետագային ան նետուած էր ուսուցչական ասպարէզ` պաշտօնավարելով Թորոսեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններուն մէջ : Ապա ան տարիներով կատարեց Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի լիաժամ գործավարի պաշտօնը` ամբողջական յանձնառութեամբ:
Սօսին գործօն անդամ եղած էր ԼՕԽ-ի մէջ, մաս կազմած` Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերուն եւ մասնակցած` Պատգամաւորական ժողովներու եւ ՀՕՄ –ի Համահայկական պատգամաւորական ժողովին:
Ապա կնքած էր իր ամուսնութիւնը Յարութ Փալանճեանին հետ եւ` Քանատա հաստատուած: Տեղափոխութիւնը եւ ամուսնութիւնը արգելք չէին հանդիսացած իր հասարակական-հրապարագրային գործունէութեան: Ան մաս կազմած էր Քանատայի թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբին :Ապա հրատարակած էր «Սօսեաց Անտառ» կնոջական գրական հանդէսը Քանատայի մէջ: Ան 2005-ին մասնակցեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայ գրողներուն համագումարին:
Սօսին քննադատ միտք եւ ընդվզող ու ըմբոստ կեցուածք ունէր, յատկապէս` կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով , եւ ընդհանրապէս հասարակական հարցերուն մէջ, բայց ոչ ոք կը նեղուէր իր յանդուգն տեսակէտներէն: Իր զուարթ նկարագիրը, լիաթոք խնդուքը եւ անկեղծութիւնը կը սատարէին իր կեցուածքներուն դրական ընկալման:
Թող այս համեստ եւ ամփոփ գրութիւնը ցաւակցութեան արտայայտութիւն ըլլայ բոլոր անոնց կողմէ որոնք ճանչցած եւ գնահատած են Սօսին, ցաւակցութիւն` իր ամուսնին Յարութ Փալանճեանին եւ իր բոլոր հարազատներուն:
- 0 Comments
- 96 views
- Tweet
Email
Print



