Monday May 20, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Sat Sep 22, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Իւրաքանչիւր անձ ունի իր տեսիլքը, տեսակէտը, որոշումը: Եթէ այսօր հանդիպիք անձի մը, որուն տեսակէտները չեն համընկնիր ձերինին, մի՛ պնդէք, որովհետեւ ոչինչ կրնաք փոխել: Լուր մնացէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը ունի հանդարտ եւ խճողուած ժամեր: Փորձեցէք յարմարիլ տուեալ առիթներուն` առանց յուսահատելու: Փոփոխութիւններն ալ կրնան դրական ըլլալ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ճամբայ ելլելէ առաջ լաւ ծանօթացէք ձեր ճամբու ընկերոջ խառնուածքին: Եթէ հաճելի չի թուիր ձեզի անոր ընկերակցութիւնը, հրաժարեցէք ան որ ընկերանալէ: Այսպիսով հանգիստ կը մնաք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գիտութիւնը ամբողջութեամբ արտայայտելու պէտք չունիք: Ամէն ուսուցում ունի իր հերթականութիւնը` աստիճանաբար փոխանցելու կամ ստանալու: Այդ ալ գիտութիւն նկատեցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
«Առատ ու խորունկ հոսող ջուրերը լուռ կը հոսին: Աղմկոտները ոչ խորունկ ջուրերը կ՛ըլլան»: Հետեւեցէք բնութեան փոխանցած այս դասին` բաղդատական մը ընելով ձեր շրջապատի հետ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը ունի պայծառ եւ ամպոտ պահեր, ինչպէս` ձեր տրամադրութիւնը: Կ՛ըսեն, թէ բնութիւնը կ՛ազդէ անձի մը տրամադրութեան: Պայծառ եղէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Աշխատանքը ձեզի ուժ պիտի ներշնչէ, հետեւեցէք նոր ծրագիրներ մշակելու ձեր ճիգերուն: Յաջողութիւնը կրնայ դիմաւորել ձեզ անպայման:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Արուեստը ունի իր խոր ազդեցութիւնը` օրը հաճելի դարձնելու: Հեռու մնացէք խոժոռ եւ յոռետես անձերէ, որոնք միշտ գէշ բան կը տեսնեն:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր նոր ծրագիրը պիտի ընդունուի ձեր մեծաւորներուն կողմէ: Այս յաջողութիւնը պիտի քաջալերէ ձեզ` նոր ուղղութիւն մը որդեգրելու: Օրը բարի է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ նայիք ձեր շուրջը գտնուող հիւանդ կամ աղքատ անձերու, անգործ աշխատաւորներու, այն ատեն պիտի գոհանաք դուք ձեզմով: Լաւատես եղէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր որոշումը մի՛ փոխէք հանդիպումի մը վերաբերեալ: Ձեր սրտին պիտի խօսի օրուան սիրալիր հանդիպումը: Առանց բարդոյթի` մօտեցէք անոր:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մարդը մարդ է, անոր մէջ փնտռեցէք լաւը: Եթէ ան ունենայ թերութիւն, բարեկամաբար ընդառաջեցէք, ոչ թէ խստութեամբ ճշդեցէք: Ազնիւ եղէք:

Leave a Reply

Advertisement