Saturday May 25, 2013

Յայտարարութիւններ ( 21 Սեպտեմբեր 2012 )

By adminx - Fri Sep 21, 6:43 am

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տի­կին Աբօ եւ Զե­փիւռ Թաշճ­եան եւ զա­ւա­կունք
Տէր եւ տի­կին Շա­ւարշ եւ Զա­րուկ Չա­տըր­եան եւ զա­ւա­կունք
Տէր եւ տի­կին Աւե­տիս եւ Սօ­սի Առա­քել­եան եւ զա­ւա­կունք
Տէր եւ տի­կին Ֆրետ եւ Անի Նայ­կարտ եւ զա­ւա­կունք
Տի­կին Լու­սին Սար­գիս­եան եւ զա­ւա­կունք
Տէր եւ տի­կին տոքթ. Ար­մե­նակ Եղ­իայ­եան եւ զա­ւա­կունք
Տի­կին Հա­յաս­տան Զէ­քէ­եան եւ զա­ւա­կունք
Տի­կին Ատել Թաշճ­եան եւ զա­ւա­կունք
Տէր եւ տի­կին Պշա­րա եւ Ցո­լեր Մը­զան­նար
Թաշճ­եան եւ Առա­քել­եան ըն­տա­նիք­ներ
Այ­նեճ­եան եւ Ան­տոն­եան ըն­տա­նիք­ներ
Ֆէր­ման­եան եւ Մը­զան­նար ըն­տա­նիք­ներ
եւ հա­մայն ազ­գա­կան­ներ կը գու­ժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօ­րաք­րոջ, մօ­րաք­րոջ եւ հա­րա­զա­տին`

ԶԱ­ՊԷԼ ԹԱՇՃ­ԵԱ­ՆԻ
(Ծնեալ` ԵՂ­ԻԱՅ­ԵԱՆ)

մա­հը, որ պա­տա­հե­ցաւ երեք­շաբ­թի, 18 սեպ­տեմ­բեր 2012-ին, առա­ւօտ­եան ժա­մը 11:00-ին:

Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան արա­րո­ղու­թիւնը պի­տի կա­տար­ւի այսօր՝ ուր­բաթ, 21 սեպ­տեմ­բե­րին, կէ­սօր­ուան ժա­մը 12:00-ին, Նո­րա­շէ­նի Ս. Վար­դա­նանց եկե­ղեց­ւոյ մէջ, ուր­կէ հան­գուց­եա­լին մար­մի­նը պի­տի փո­խադր­ուի Պուրճ Հա­մու­տի Ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տու­նը:

Ներ­կայս ըն­դու­նիլ իբ­րեւ մա­հազդ:

Ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կ՛ըն­դուն­ուին յետ թաղ­ման արա­րո­ղու­թեան, Ազ­գա­յին առաջ­նոր­դա­րա­նի «Եր­ջօ Սամ­ուէլ­եան-Եռա­գոյն» սրա­հին մէջ, մին­չեւ երե­կոյ­եան ժա­մը 7:00, իսկ շա­բաթ, 22 եւ կի­րա­կի, 23 սեպ­տեմ­բե­րին, հան­գուց­եա­լին զաւ­կին` տէր եւ տի­կին Աբօ եւ Զե­փիւռ Թաշճ­եան­նե­րու բնա­կա­րա­նը` Ժալ էլ Տիպ, «Հար­պոյ­եան» շէնք, Պլոք Ը, 9-րդ յարկ:

————————————————————————————–

ՊՈՒՐՃ ՀԱ­ՄՈՒ­ՏԻ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ

ՆՈՒԱ­ԶՈՒՐ­ԴԻ
ՅԱՅ­ՏԱ­ՐԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

Պուրճ Հա­մու­տի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը թիւ 478 կալ­ուա­ծին վրայ բնա­կու­թեան շէն­քեր, առեւտ­րա­կան խա­նութ­ներ եւ ինք­նա­շարժ­նե­րու յա­տուկ կա­ռա­տան շէն­քեր կա­ռու­ցե­լու նպա­տա­կով դարձ­եալ նուա­զուրդ կը յայ­տա­րա­րէ:

Պայ­ման­նե­րու գրքոյկն ու քար­տէս­նե­րը ստա­նալ փա­փա­քող­նե­րը պար­տին ներ­կա­յա­նալ Պուրճ Հա­մու­տի քա­ղա­քա­պե­տա­րան` պաշ­տօ­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին:

Նուա­զուր­դը կա­տա­րե­լու թուա­կա­նը որոշ­ուած է չո­րեք­շաբ­թի, 24 հոկ­տեմ­բեր 2012-ին, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 2:00-ին: Առա­ջարկ­նե­րը պէտք է ներ­կա­յաց­ուին նուա­զուր­դի կա­տար­ման թուա­կա­նին նա­խոր­դող օրը` կէ­սօր­ուան ժա­մը 12:00-էն առաջ:

Պայ­ման­նե­րու գրքոյ­կին ու քար­տէս­նե­րուն փո­խար­ժէ­քը 3.000.000 լ. ո. (երեք միլի­ոն լի­բա­նան­եան ոս­կի) է: Նա­խա­պէս նուա­զուր­դին մաս­նակ­ցող­նե­րը զերծ կը մնան այս գու­մա­րին վճա­րու­մէն:

ԾԱ­ՆՕԹ.- Այս գոր­ծար­քին գի­նը սահ­ման­ուած է 35.500.000.000 լ. ո. (երե­սուն­հինգ միլ­ի­առ եւ հինգ հա­րիւր միլի­ոն լի­բա­նան­եան ոս­կի), իսկ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ ըն­դու­նե­լի առա­ւե­լա­գոյն նուա­զու­մը` գու­մա­րին 15 առ հա­րիւրն է:

ՊՈՒՐՃ ՀԱ­ՄՈՒ­ՏԻ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ՊԵՏ
ԱՆԴ­ՐԱ­ՆԻԿ ՄԸ­ՍԸՐԼ­ԵԱՆ

————————————————————————————–

ԼԻ­ԲԱ­ՆԱ­ՆԻ ԱՌԱՋ­ՆՈՐԴ ՍՐԲԱ­ԶԱՆ ՀԱՅ­ՐԸ
ՇԹՈ­ՐԱ­ՅԻ` ԺԱ­ԼԱ­ԼԱ­ՅԻ ՄԷՋ

Ու­րա­խու­թեամբ կը յայտ­նենք Շթո­րա­յի եւ շրջա­նի մեր ազ­գա­յին­նե­րուն, որ կի­րա­կի, 23 սեպ­տեմ­բեր 2012-ին, սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ պի­տի մա­տուց­ուի ՇԹՈ­ՐԱ­ՅԻ` ԺԱ­ԼԱ­ԼԱ­ՅԻ Ս. ՄԱՏ­ՐԱՆ մէջ:

Ս. պա­տա­րա­գին պի­տի նա­խա­գա­հէ եւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը յա­ւուր պատ­շա­ճի փո­խան­ցէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵ­ՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱ­ՉԵՐ­ԵԱՆ
Առաջ­նորդ Լի­բա­նա­նի Հա­յոց թե­մի

Ս. պա­տա­րա­գի սկիզբ`           ժա­մը 10:00-ին
Քա­րոզ`                        ժա­մը 11:00-ին

Սի­րով կը հրա­ւի­րենք Շթո­րա­յի եւ շրջա­նի մեր հա­ւա­տաց­եալ ժո­ղո­վուր­դը ներ­կայ գտնուե­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու օր­ուան սուրբ խոր­հուր­դին:

ԹԱ­ՂԱ­ԿԱՆ ԽՈՐ­ՀՈՒՐԴ
ԶԱՀ­ԼԷԻ Ս. ԳՐԻ­ԳՈՐ ԼՈՒ­ՍԱ­ՒՈ­ՐԻՉ

 ————————————————————————————–

Ս. ՊԱ­ՏԱ­ՐԱԳ
Ս. ՍԱՐ­ԳԻՍ ԵԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ՄԷՋ

Կի­րա­կի, 23 սեպ­տեմ­բեր 2012-ին, Նոր Սի­սի Ս. Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ մէջ, յա­ւարտ սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րա­գի, պի­տի կա­տար­ուի հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն սի­սե­ցի հին եւ նոր ննջեց­եալ­նե­րուն հո­գի­նե­րուն հա­մար:

Ս. պա­տա­րա­գին պի­տի նա­խա­գա­հէ եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈ­ՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊ­ԵԱՆ

Ուս­տի, կը հրա­ւի­րենք մեր հա­ւա­տաց­եալ ժո­ղո­վուր­դը` ներ­կայ գտնուե­լու սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րա­գին:

 ԹԱ­ՂԱ­ԿԱՆ ԽՈՐ­ՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐ­ԳԻՍ ԵԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ

 ————————————————————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԱՐԻՆ ՉԵՐՉ­ԵԱ­Նի մահ­ուան Ա. տա­րե­լի­ցին առի­թով հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն պի­տի կա­տար­ուի կի­րա­կի, 23 սեպ­տեմ­բեր 2012-ին, Ան­թիլ­ի­ա­սի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր տա­ճա­րին մէջ, յա­ւարտ Ս. պա­տա­րա­գի:

ԱՐԱ ԷԼՄԱՅԵԱՆի մահ­ուան քա­ռա­սուն­քին առի­թով հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն պի­տի կա­տար­ուի կի­րա­կի, 23 սեպ­տեմ­բեր 2012-ին, հայ կա­թո­ղի­կէ Ս. Եղ­իա-Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ աթո­ռա­նիստ եկե­ղեց­ւոյ մէջ (Տեպ­պաս հրա­պա­րակ), յա­ւարտ Ս. պա­տա­րա­գի:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՋՈՒԼՃԵԱՆի մահ­ուան քառասունքին առի­թով հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն պի­տի կա­տար­ուի կի­րա­կի, 23 սեպ­տեմ­բեր 2012-ին, Ան­թիլ­ի­ա­սի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր տա­ճա­րին մէջ, յա­ւարտ Ս. պա­տա­րա­գի:

————————————————————————————–

ՀԱ­ՂՈՐ­ԴԱԳ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

Ու­րա­խու­թեամբ կը յայտ­նենք, որ Ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի առա­քե­լու­թեան եւ անոր ան­փո­խա­րի­նե­լիու­թեան ջեր­մօ­րէն հա­ւա­տա­ցող մեր բա­րե­րար ազ­գա­յին­նե­րէն Աք­սոր Գա­սարճ­եա­նի յի­շա­տա­կին, «Աք­սոր Գա­սարճ­եան» կրթա­կան ֆոն­տը 2012-2013 կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նին հա­մար կրթան­պաստ պի­տի յատ­կաց­նէ Ազ­գա­յին նա­խակր­թա­րան­նե­րու աշա­կերտ­նե­րուն:

Այս բա­ցա­ռիկ առի­թէն օգտ­ուիլ փա­փա­քող մեր ծնող­նե­րէն կը խնդրուի ներ­կա­յա­նալ իրենց զաւ­կին յա­ճա­խած Ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի քար­տու­ղա­րու­թեան, եր­կու­շաբ­թի, 24 սեպ­տեմ­բե­րէն սկսեալ մին­չեւ ուր­բաթ, 28 սեպ­տեմ­բեր 2012` ստա­նա­լու հա­մար «Աք­սոր Գա­սարճ­եան» կրթա­կան ֆոն­տի դի­մում­նա­գի­րը:

Լիա­յոյս ենք, որ «Աք­սոր Գա­սարճ­եան» կրթա­կան ֆոն­տի վե­րա­հաս­տա­տու­մը ջեր­մօ­րէն պի­տի դի­մա­ւոր­ուի Ազ­գա­յին վար­ժա­րան­ներ յա­ճա­խող աշա­կերտ­նե­րուն ծնող­նե­րուն կող­մէ:

ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԻՇ­ԽԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ
ՈՒ­ՍՈՒՄ­ՆԱ­ԿԱՆ ԽՈՐ­ՀՈՒՐԴ

 ————————————————————————————–

ԱՖ­ՀԻԼ

ՀԱ­ՂՈՐ­ԴԱԳ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

ԱՖ­ՀԻԼ իրե­րօգ­նու­թեան սնտու­կը ու­րախ է յայ­տա­րա­րե­լու, թէ 2012-2013 տա­րեշր­ջա­նին հա­մար հաս­տա­տած է նա­եւ երկ­րոր­դա­կա­նի աշա­կերտ­նե­րուն հա­մար ֆոնտ մը:

Ա.- ԱՖ­ՀԻԼ ֆոն­տին կրնան դի­մել հայ­կա­կան վար­ժա­րան յա­ճա­խող երկ­րոր­դա­կա­նի բո­լոր աշա­կերտ­նե­րը:

Բ.- Դի­մում­նա­գիր­նե­րը կա­րե­լի է ստա­նալ ԱՖ­ՀԻԼ-ի գրա­սեն­եա­կէն` եր­կու­շաբ­թի, 17 սեպ­տեմ­բեր 2012-էն սկսեալ:

Գ.- Դի­մում­նա­գիր­նե­րը ԱՖ­ՀԻԼ յանձ­նե­լու պայ­մա­նա­ժամ ճշդուած է 15 հոկ­տեմ­բեր 2012-ը:

Դ.- Իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նիք միայն մէկ դի­մում­նա­գիր կրնայ ներ­կա­յաց­նել:

ԱՖ­ՀԻԼ-Ի
ԵՐԿ­ՐՈՐ­ԴԱ­ԿԱ­ՆԻ ԱՇԱ­ԿԵՐՏ­ՆԵ­ՐՈՒ ՖՈՆՏ

————————————————————————————–

ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ
ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ
Հեռ. 04-410001

2012-2013 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ

ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

տե­ղի կ՛ու­նե­նան հինգ­շաբ­թի, 20 սեպ­տեմ­բե­րէն սկսեալ, եւ ամէն հինգ­շաբ­թի եւ ուր­բաթ օրե­րը, ժա­մը 16:00-էն 18:00:

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Ուրբաթ, 5 հոկտեմբեր 2012, ժամը 16:00-ին:

Կ՛ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ`

BT-ի եւ TS-ի ծրա­գիր­ներ եւ հա­յե­րէն յա­տուկ դա­սա­նիւ­թեր:

ՎԱՐԻՉ

 ————————————————————————————–

ՀԱՅ ԱՒԵ­ՏԱ­ՐԱ­ՆԱ­ԿԱՆ ՔՈ­ԼԵՃ
(Հիմն­ուած 1923-ին, Մեք­սիք փո­ղոց,
Հայ­կազ­եան Հա­մալ­սա­րա­նին կից,
Հեռ. 01-349816 Պէյ­րութ)

1.- Նո­րեկ աշա­կերտ­նե­րու դի­մում­նե­րը կը շա­րու­նա­կենք ըն­դու­նիլ սեպ­տեմ­բեր ամս­ուան ըն­թաց­քին, ամէն օր եր­կու­շաբթի­էն ուր­բաթ, առա­ւօտ­եան ժա­մը 10:00-էն 12:30:
2.- 2012-2013 լրա­ցու­ցիչ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը ման­կա­պար­տէ­զի, նա­խակր­թա­րա­նի եւ երկ­րոր­դա­կան բա­ժի­նի հա­մար տե­ղի կ՛ու­նե­նան երեք­շաբ­թի, 25, չո­րեք­շաբ­թի, 26 եւ հինգ­շաբ­թի, 27 սեպ­տեմ­բեր 2012-ին, առա­ւօտ­եան ժա­մը 8:30-էն 12:30:
Պա­քա­լո­րէա (12-րդ) դա­սա­րա­նի լրա­ցու­ցիչ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը 10-14 սեպ­տեմ­բե­րին են:
Նախ­նա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն կա­տա­րած նախ­կին աշա­կերտ­ներ պար­տին վե­րա­հաս­տա­տել իրենց ար­ձա­նագ­րու­թիւնը:
3.- Հո­գա­բար­ձու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ օթո­պիւ­սի սպա­սար­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նանք բո­լոր շրջան­նե­րուն հա­մար:
4.- Բո­լոր ար­ձա­նագ­րուող­նե­րէն, նախ­կին թէ նոր, կը պա­հանջ­ուի իրենց հետ մի­ա­սին բե­րել եր­կու փոքր լու­սան­կար­ներ:
5.- Նախ­նա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն չը­րած նո­րեկ աշա­կերտ­ներ պար­տին բե­րել յա­ճա­խած վեր­ջին դպրո­ցի վի­ճա­կա­ցոյ­ցը, բա­րի վա­րուց վկա­յա­գիր, ինք­նու­թեան թուղ­թի լու­սա­պատ­ճէ­նը եւ կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մօտ իրենց վա­ւե­րաց­ուած թիւը:
6.- Վե­րաքն­նու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ՛ու­նե­նան նա­խա­պէս ճշդուած եւ յայ­տա­րար­ուած կար­գով:
7.- Ուր­բաթ, 28 սեպ­տեմ­բե­րի առա­ւօտ­եան ժա­մը 7:40-ին, կը սկսին դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րը:
12-րդ դա­սա­րա­նի դա­սե­րը կը սկսին եր­կու­շաբ­թի, 17 սեպ­տեմ­բե­րին, առա­ւօտ­եան ժա­մը 8:00-ին:
Ման­կա­պար­տէ­զը կը սկսի հինգ­շաբ­թի, 5 հոկ­տեմ­բե­րին:

ՏՆՕ­ՐԷ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ

 ————————————————————————————–

ՔԱՀԼ-Ի ՄԱՍ­ՆԱ­ՒՈՐ ԴԱ­ՍԱ­ՐԱՆ­ՆԵՐ
Հիմն­ուած` 1971-ին, Պուրճ Հա­մուտ
Հեռ. 01/260533, 01/260534, 01/266822

ՎԵ­ՐԱ­ՄՈՒՏ

1.- ՔԱՀԼ-ի Մաս­նա­ւոր դա­սա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թիւնը այ­սու կու գայ տե­ղե­կաց­նե­լու, որ 2012-2013 տա­րեշր­ջա­նի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նակ­ւին:
2.- Կ՛ըն­դու­նինք 6-16 տա­րե­կան երկ­սեռ աշա­կերտ­ներ:
3.- Եթէ ձեր զա­ւա­կը ու­նի սոր­վե­լու զա­նա­զան եւ յա­տուկ դժուա­րու­թիւն­ներ, ան­յա­պաղ դի­մե­ցէ՛ք դպրո­ցին գրա­սեն­եա­կը, ուր ան­պայ­ման պի­տի գտնէք ձեր զաւ­կին հար­ցե­րուն լու­ծու­մը:
4.- ՔԱՀԼ-ի դպրո­ցը կ՛ապա­հո­վէ ձեր զաւ­կին բա­րե­լա­ւու­մը եւ յա­ռաջ­դի­մու­թիւնը` ման­կա­վար­ժա­կան եւ հո­գե­բա­նա­կան մաս­նա­գի­տա­ցած խնամ­քի եւ յա­տուկ աշ­խա­տանք­նե­րու շնոր­հիւ:
5.- Դպրո­ցա­կան ծրա­գի­րը կ՛ընդգր­կէ սո­վո­րա­կան դպրոց­նե­րու մէջ դա­սա­ւանդ­ուած հե­տեւ­եալ նիւ­թե­րը.

  • Հա­յե­րէն, անգ­լե­րէն, արա­բե­րէն լե­զու­նե­րու ու­սու­ցում:
  • Թուա­բա­նու­թիւն եւ հա­մա­կար­գիչ:
  • Ինչ­պէս նա­եւ պատ­մա­կան, աշ­խար­հագ­րա­կան, գի­տա­կան, գե­ղար­ուես­տա­կան, մար­զա­կան եւ ընդ­հա­նուր զար­գաց­ման զա­նա­զան նիւ­թեր:
  • Իւ­րա­քան­չիւր աշա­կեր­տի դժուա­րու­թեան հա­մա­ձայն` յա­տուկ նիւ­թեր:

6.- Փո­խադ­րա­մի­ջոց ապա­հով­ուած է բո­լոր շրջան­նե­րուն հա­մար:
7.- ՎԵ­ՐԱ­ՄՈՒՏ – Դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րը կը սկսին եր­կու­շաբ­թի, 1 հոկ­տեմ­բեր 2012-ին` առա­ւօտ­եան ժա­մը 8:00-ին:

Ու­շադ­րու­թիւն: Դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նին ըն­թաց­քին այլ վար­ժա­րան­նե­րու աշա­կերտ­ներ եւս, որոնք լեզ­ուա­կան, հո­գե­կան, մտա­յին եւ ու­սում­նա­կան դժուա­րու­թիւն­ներ կը դի­մագ­րա­ւեն, կրնան դի­մել ՔԱՀԼ, որ­պէս­զի յար­մար եւ մաս­նա­գի­տա­ցած լու­ծում մը տրուի իրենց հար­ցե­րուն:

ՏՆՕ­ՐԷ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ

 ————————————————————————————–

ԱԶԳ. ՌՈՒ­ԲԻՆ­ԵԱՆ-Ս. ՄԵՍ­ՐՈՊ­ԵԱՆ ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱՆ
Ռը­մէյլ – Խա­լիլ Պե­տե­ւի»
2012-2013 Ու­սում­նա­կան Տա­րեշր­ջա Հեռ: 01/443892

1.- Ար­ձա­նագ­րու­թիւն

2012-2013 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար դպրո­ցը բաց է ամէն օր ժա­մը 9:30-էն 1:00:

Նո­րեկ աշա­կերտ­նե­րը պէտք է քար­տու­ղա­րու­թեան ներ­կա­յաց­նեն հե­տեւ­եալ­նե­րը.

1.- Նախ­կին տա­րեշր­ջա­նի վի­ճա­կա­ցոյ­ցը:
2.- Բա­րի վա­րուց վկա­յա­գիր:3.- 1 լու­սան­կար:
4.- Անձ­նա­թուղ­թի պատ­ճէն:
5.- Հաս­տա­տա­գիր` վա­ւե­րաց­ուած (կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն):

2.- Վե­րա­մուտ Հինգ­շաբ­թի, 27 սեպ­տեմ­բեր 2012-ին:

ՈՒ­ՇԱԴ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ Տնօ­րէ­նու­թիւնս կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ`

1.- Վար­ժա­րանս ու­նի նա­եւ ման­կամ­սու­րի բա­ժին, ուր կ՛ըն­դու­նինք 0 – 3 տա­րե­կան երե­խա­նե­րը, առա­ւօտ­եան ժա­մը 7:00-էն մին­չեւ կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 5:00` սերտ­ուած սա­կա­ցոյ­ցով:
2.- Օթո­քար­ներ կը գոր­ծեն բո­լոր շրջան­նե­րուն հա­մար:
3.- 2012-2013 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի առա­ջին օրը դպրոց ներ­կա­յա­նալ անձ­նա­կան մի­ջոց­նե­րով, վե­րա­դար­ձը ապա­հով­ուած է:

ՏՆՕ­ՐԷ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ

 ————————————————————————————–

ՀԱՅ ԱՒԵ­ՏԱ­ՐԱ­ՆԱ­ԿԱՆ
ԹՈ­ՐՈՍ­ԵԱՆ ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱՆ

ՎԵ­ՐԱ­ՄՈՒՏ 2012-2013

Հայ աւե­տա­րա­նա­կան Թո­րոս­եան վար­ժա­րա­նը Աս­տու­ծոյ օգ­նու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կէ ծա­ռա­յել դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան առա­քե­լու­թեան` 2012-2013 տա­րեշր­ջա­նին, ման­կա­պար­տէ­զէն մին­չեւ պրէ­օ­վէի դա­սա­րան:

Առ այդ, ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը սկսած են եւ կը շա­րու­նակ­ուին մին­չեւ 27 սեպ­տեմ­բեր, եր­կու­շաբթի­էն ուր­բաթ, առա­ւօտ­եան ժա­մը 8:30-1:00:

Նախ­կին թէ նո­րեկ աշա­կերտ­ներ պար­տին ար­ձա­նագ­րու­թիւն կա­տա­րել:

Նո­րեկ աշա­կերտ­ներ ար­ձա­նագր­ուե­լու հա­մար պէտք է ներ­կա­յաց­նեն անց­նող տար­ուան վի­ճա­կա­ցոյ­ցը, անձ­նա­թուղ­թի լու­սա­պատ­ճէն, 1 լու­սան­կար, նա­խորդ դպրո­ցէն վար­քի հաս­տա­տա­գիր եւ կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ աշա­կեր­տին թիւը (իֆե­տէ):

Վե­րա­մու­տի թուա­կան­ներ

- Նա­խակր­թա­րան եւ միջ­նա­կարգ` 28 սեպ­տեմ­բեր 2012` առա­ւօտ­եան ժա­մը 8:00-ին:
- Ման­կա­պար­տէզ` 4 հոկ­տեմ­բեր 2012, առա­ւօտ­եան ժա­մը 8:00-ին:

Կը խնդրուի նա­խակր­թա­րա­նի եւ միջ­նա­կար­գի աշա­կերտ­նե­րուն ծնող­նե­րէն 28 սեպ­տեմ­բե­րի առա­ւօ­տը, իսկ ման­կա­պար­տէ­զի աշա­կերտ­նե­րուն ծնող­նե­րէն 4 հոկ­տեմ­բե­րի առա­ւօ­տը իրենց զա­ւակ­նե­րուն հետ ներ­կա­յա­նալ դպրոց` մի­աս­նա­բար պաշ­տա­մուն­քով սկսե­լու տա­րեշր­ջա­նը:

ՏՆՕ­ՐԷ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ

 ————————————————————————————–

ՍՏԱ­ՑԱՆՔ

«ՎԿԱ­ՅԱ­ՐԱՆ ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ»

ԳԻՐՔ Դ.

Պատ­րաս­տեց` ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ ԻՍ­ԿԱ­ՀԱՏ­ԵԱՆ

Պէյ­րութ 2012

————————————————————————————–

Կ՛ՈՒԶ­ՈՒԻ

Հա­մալ­սա­րա­նա­ւարտ, ֆրան­սե­րէն ու­սու­մով ու­սու­ցիչ մը` միջ­նա­կար­գի անձ­նա­կան դա­սե­րու հա­մար, Պուրճ Հա­մու­տի մէջ, օրա­կան 1,5 – 2 ժամ: Հեռ. 70/968561:

—————————————————————————————

Կ՛ՈՒԶ­ՈՒԻ

Արա­կան հա­գուս­տի վա­ճա­ռա­տուն մը` Պէյ­րու­թի կեդ­րո­նա­կան շու­կա­յին մէջ, կա­րի­քը ու­նի նա­խընտ­րա­բար հա­մալ­սա­րա­նա­կան կամ վա­ճա­ռե­լու փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նե­ցող, երկ­սեռ երի­տա­սարդ վա­ճա­ռող­նե­րու, արա­բե­րէն, անգ­լե­րէն կամ ֆրան­սե­րէն գիտ­նա­լը` պայ­ման:

Վճա­րու­մի լաւ պայ­ման­ներ, ամ­սա­կան + շա­հա­բա­ժին + տա­ման: Դի­մել` հեռ. 01-260013 կամ 03-622643:

—————————————————————————————

ԾԱ­ԽՈՒ ՀՈ­ՂԱ­ՇԵՐՏ

Այն­ճա­րի մէջ, 4200 քառ. մեթր, գե­տե­զերք: Հե­ռա­ձայ­նել 03-387439 կամ 03-247807 թիւե­րուն:

—————————————————————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ

27 Սեպտեմբեր 2012
17 Հոկտեմբեր 2012
14 Նոյեմբեր 2012
21 Նոյեմբեր 2012
18 Դեկտեմբեր 2012

—————————————————————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւն

ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ ՕՐ

20 հոկտեմբեր, 2012

—————————————————————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

3 նոյեմբեր, 2012

—————————————————————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն

30 նոյեմբեր 2012

———————————————————————————-

ԳՐԱՒ­ՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ ԱՆ­ԹԻԼ­Ի­Ա­ՍԻ ՄԱՍ­ՆԱ­ՃԻՒՂ

ՃԱՇ­ԿԵ­ՐՈՅԹ

24 ՆՈ­ՅԵՄ­ԲԵՐ, 2012

 

Leave a Reply

Advertisement