Նախագահ Սարգսեան Պարգեւատրումներ Կատարեց Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 21-ամեակին Առիթով
By adminx - Fri Sep 21, 7:42 am
- 0 Comments
- 85 views
- Tweet
Email
Print
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով` երէկ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 21-րդ տարեդարձին առիթով, գիտութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, տնտեսութեան, արուեստի եւ մշակոյթի մարզին մէջ խումբ մը ներկայացուցիչներ, զինեալ ուժերու, իրաւապահ մարմիններու զինուորներ պարգեւատրուեցան պետական բարձրագոյն պարգեւներով, ինչպէս նաեւ ստացան պատուաւոր եւ զինուորական բարձրագոյն կոչումներ:
Նախագահը նաեւ պարգեւներ յանձնեց տարբեր մարզերու մէջ ակնառու նուաճումներու եւ յաջողութիւններու հասած բազմաթիւ անձերու` շնորհաւորելով զանոնք եւ անոնց մաղթելով յաջողութիւն:
Դարձեալ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 21-րդ տարեդարձին առիթով, գիտութեան եւ կրթութեան մարզերուն մէջ ունեցած մեծ վաստակին, երկարամեայ եւ արդիւնաւէտ գիտական-մանկավարժական գործունէութեան համար Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչի պատուաւոր կոչում շնորհուեցաւ տարբեր անձերու:
- 0 Comments
- 85 views
- Tweet
Email
Print



