Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Հայաստան
By adminx - Fri Sep 21, 7:41 am
- 0 Comments
- 355 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ Հայաստան ժամանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի նիստին մասնակցելու նպատակով:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին դիմաւորեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, ապա Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ միասնական գոհաբանական աղօթք:
Աղօթքէն ետք Ամենայն հայոց հայրապետը բարի գալստեան խօսքով ողջունեց Արամ Ա. կաթողիկոսը` փառք ու գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ առիթներ կը պարգեւէ հանդիպելու եւ առ Աստուած միացեալ աղօթք բարձրացնելու հայ ժողովուրդի ապահով ու բարօր կեանքի, հայրենիքի շինութեան ու յառաջընթացին համար, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու ազգային կեանքը յուզող հարցերուն ու խնդիրներուն:
Վեհափառ հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբի աշխատանքներուն միացեալ մասնակցութեան համար` կարեւոր նկատելով Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման ու դատապարտման եւ մարդկային կեանքին մէջ այսպիսի ոճիրներու կանխարգիլման ուղղուած ջանքերը, որպէսզի լուծում գտնէ հայ ժողովուրդի արդար դատը, որ հարիւրամեակ շարունակ իւրաքանչիւր հայորդիի պայքարը դարձած է:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը նաեւ ցաւով անդրադարձաւ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման եւ Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ մարդասպանին շնորհուած ներման իրողութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն, որոնց զոհ կը դառնան բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներ: «Արդարեւ, մեր հոգին տագնապի ու ցաւի մէջ է, որովհետեւ սուրիահայ բազմաթիւ մեր զաւակները զոհ դարձան պատերազմական այս գործողութիւններուն ընթացքին, շատերը կ՛ապրին անորոշութեան մէջ` վախը իրենց սրտին մէջ, ուրիշներ գաղթական դարձան աշխարհով մէկ: Մենք փառք կու տանք Աստուծոյ, որ այսօր մենք հայրենի պետականութիւն ունինք, որ հարազատ զաւակներու համար դժուար պահերուն միշտ անոնց կողքին է, նեցուկ ու ապաւէն անոնց», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ան նշեց, որ եկեղեցին նոյնպէս ամէն ճիգ ու ջանք ի գործ դրաւ եւ կը շարունակէ ի գործ դնել` օգնելու դժուարութեան մէջ հեծող իր զաւակներուն:
Այնուհետեւ Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին իր այցելութեան անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: «Մեր եկեղեցւոյ գոյութեան պատճառը, մեր եկեղեցւոյ կեանքի ու վկայութեան ճամբան, մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը միայն մէկ բառի մէջ կարելի է խտացնել` ծառայութիւն: Եւ այս բառը մեր եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին գործնականապէս արտայայտուած է մեր եկեղեցւոյ կենդանի ու արեան վկայութեամբ, մեր եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ, մեր եկեղեցւոյ` հայրենիքի ու ժողովուրդի համայնական կեանքին մէջ իր գործուն մասնակցութեամբ», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս` իր այցելութիւնը առիթ նկատելով ծառայական ուխտի վերանորոգման:
Խօսելով վերջին շրջանին ազգային կեանքը յուզող երեւոյթներուն մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս մասնաւորաբար յայտնեց, որ երբ Ազրպէյճանը, բարոյական, իրաւական, քաղաքական, մարդկային ամէն տեսակ օրէնք ու հասկացողութիւն մէկ կողմ դնելով, փառքով ու պատուով ընդունեց ոճրագործը, մեր եկեղեցին պետութեան կողքին եղաւ, մեր եկեղեցին չէր կրնար անտարբեր ըլլալ: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ երբ սուրիահայութիւնը այսօր տագնապի մատնուած է, մեր եկեղեցին անտարբեր չմնաց: «Եւ ահաւասիկ, երբ մենք կը գտնուինք ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին, եկեղեցին չի կրնար լուռ ու հետեւողի դերին մէջ մնալ: Մեր պետութեան հետ միասին մենք ընելիք ունինք»:
Իր խօսքի աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը մաղթեց, որ միշտ շէն ու պայծառ մնայ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինը իր միաբանութեամբ եւ բոլոր կառոյցներով:
Արարողութիւնը վերջ գտաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու միասնական տէրունական աղօթքով:
- 0 Comments
- 355 views
- Tweet
Email
Print




