Wednesday Jun 19, 2013

Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Գտնուեցաւ Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկի Նախագիծի Հանրային Ներկայացումին

By adminx - Fri Sep 21, 7:39 am

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան  նախանցեալ օր Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ ներկայ  գտնուեցան Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի շէնքային համալիրի նախագիծի հանրային ներկայացման արարողութեան:

Նախագահը նշեց, որ իրենք կը գտնուին շատ նուիրական վայրի մէջ, քանի որ այդտեղ կը հանգչին հայ ժողովուրդի մեծագոյն զաւակներէն շատերը: «Այդ սրբազան անուններուն մէջ սակայն կայ մէկը, որ բացառիկ է ամէն ինչով: Խօսքս Կոմիտաս վարդապետի մասին է: Ան գրեթէ ամէն ինչ էր` երգահան, բանահաւաք, ազգագրագէտ, երաժշտագէտ, խմբավար, մանկավարժ: Անոր անհատականութիւնը շատերու հետ համեմատած են, եւ անոր կատարած վիթխարի գործը համեմատուած է շատ մեծ գործերու հետ: Բոլոր համեմատութիւններն ալ անշուշտ կը կաղան, բայց կայ  համեմատութիւն մը, որ ամէնէն մօտն է ճշմարտութեան: Ան հայ երգ ու երաժշտութեան Մաշտոցն է», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

Ան կոչ ուղղեց Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բնակող բոլոր բարերարներուն ու բոլոր ցանկացողներուն մասնակից դառնալու Երեւանի կեդրոնական հատուածին մէջ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կառուցման:

Յայտնենք, որ այս ծրագիրը իրականացած է «Փիւնիկ» հիմնադրամին աջակցութեամբ: Հետագային կ՛անդրադառնանք աւելի մանրամասն:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement