Շուլց. «Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Համար Թուրքիա Պէտք Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնայ»
By adminx - Fri Sep 21, 7:38 am
- 0 Comments
- 98 views
- Tweet
Email
Print
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշի հետ հանդիպումի մը ընթացքին` յիշեցնելով Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, յայտարարած է, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մուտքը պայմանաւորուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով: Ըստ անոր, Թուրքիան պէտք է ճանչնայ իր պատմութիւնը: Պաղըշ աւելի ուշ հրաժարած է պատասխանել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ մամուլի հարցումներուն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ դերն ու առանց մուտքի արտօնագիրի համակարգի հարցը: Պաղըշ յայտարարած է, որ Զուիցերիան Եւրոպական Միութեան անդամ չէ, եւ ինք մէկ վայրկեան իսկ չի մսխեր, որպէսզի խօսի հարցերու մասին, որոնք Եւրոպական Միութեան չեն վերաբերիր:
- 0 Comments
- 98 views
- Tweet
Email
Print




