Thursday May 23, 2013

«Իսլամական Աշխարհի Ղեկավարներուն Յղած Պատգամս Շատ Յստակ Է` Ամբողջական Գործակցութիւն Կը Սպասենք» Ըսաւ Օպամա

By adminx - Fri Sep 21, 7:23 am

Օպամա` հարցազրոյցին ընթացքին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իսլամական աշխարհին մէջ բողոքի ալիք բարձրացուցած` Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող «Իսլամներու անմեղութիւնը» ամերիկեան ժապաւէնը չի կրնար ամերիկացի քաղաքացիներուն դէմ բռնութիւններու արդարացում ըլլալ: «Իսլամական աշխարհի ղեկավարներուն յղած պատգամս շատ յստակ է` ամբողջական գործակցութիւն կը սպասենք», ըսաւ Օպամա:

«Անշուշտ, մենք կը դատապարտենք այս վիրաւորական ժապաւէնը, որուն հետ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը բացարձակապէս ոչ մէկ կապ ունի», ըսած է ան եւ ընդգծած, որ բարեփոխումներու ուղին բռնած Միջին Արեւելքի երկիրներուն անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ ժողովրդավարութիւնը միայն ընտրութիւններու ժամանակ քուէարկելը չէ: «Ժողովրդավարութիւնը նաեւ խօսքի ազատութեան յարգումն է ու հանդուրժողականութիւնը այլակարծիք մարդոց նկատմամբ: Ես ատիկա յստակ հասկցուցած եմ շարք մը երկիրներու ղեկավարներու», ըսած է ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը իսլամական աշխարհին կոչ ուղղեց իրենց երկիրներուն մէջ գտնուող ամերիկացիներուն ապահովութեան երաշխաւորման օժանդակելու: «Իսլամական աշխարհին մեր ուղղած պատգամը այն է, որ ձեզմէ կը սպասենք, որ մեզի հետ աշխատանք տանիք մեր զաւակներու ապահովութիւնը պահպանելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Միջին Արեւելքը բազմաթիւ փոփոխութիւններու ականատես կը դառնայ եւ մենք, իբրեւ ամերիկացիներ, ժողովրդավարութեան եւ ժողովուրդներուն իրենց ճակատագիրը իրենք ճշդելու առիթ ընծայելուն կողքին կը կանգնինք»:

«Մեր առաջին պարտականութիւնը Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներու ապահովութեան ամրապնդումն է», ըսաւ Օպամա: Ըստ անոր, այժմ առաջնահերթութիւններու շարքին է Լիպիոյ մէջ ողբերգական դէպքերու հետաքննութիւնը եւ մեղաւորները դատարանին առջեւ կանգնեցնելը:

 

Leave a Reply

Advertisement