Հոլլանտի Հետ Սպասուած Հանդիպումը Յաւելեալ Կարեւորութիւն Ստացաւ
By adminx - Fri Sep 21, 7:20 am
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր կնոջ ընկերակցութեամբ Փարիզ այցելեց, ուր մասնակցեցաւ բացման արարողութեանը Լուվրի մէջ իսլամական արուեստի ցուցասրահին, որուն մեկենասներէն մէկն է ան: Արդարեւ, Ազրպէյճանի նախագահը այս նախագիծին նուիրած է մէկ միլիոն եւրօ, չնչին մասնակցութիւն մը` բաղդատաբար Ուալիտ պըն Թալալ իշխանի (17 միլիոն եւրօ), Մարոքի Մուհամատ Զ. թագաւորի (15 միլիոն եւրօ), ֆրանսական «Թոթալ» (6 միլիոն եւրօ) եւ Լաֆարժ (4.5 միլիոն եւրօ) ընկերութիւններու նուիրատուութիւններուն: Աւելի՛ն. Ֆրանսա ստանձնած է ցուցասրահի ֆինանսաւորման 57 առ հարիւրը:
Ճիշդ է, որ վերոնշեալ կարեւոր ծրագիրին ալիեւեան մասնակցութիւնը յարաբերաբար չնչին է, սակայն` «փտած խնձոր մը ամբողջ սնտուկը կը փճացնէ»: Իսլամական արուեստը հին եւ արժէքաւոր քաղաքակրթութեան մը վսեմութեան ու փառքին վկան է, ուստի պէտք չէր արտօնել, որ սաֆարովեան ոճրագործութիւնը վարձատրող Ալիեւ իր նիւթական մասնակցութեամբ եւ ներկայութեամբ այդ բարձրորակ արուեստին նուիրուած ցուցասրահի բացման ողջունելի քայլը պղծէ:
Եւ ի՜նչ հեգնանք, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ցուցասրահի բացման արարողութեան իր արտասանած խօսքին մէջ մեկենասներուն ակնարկելով` յայտարարեց. «Անոնք Ֆրանսայի բարեկամներն են, եւ կը յուսամ, որ այս բարիկամեցողութիւնը ապագային եւս շարունակուի»: Աւելի՛ն. Ֆրանսայի նախագահական պալատին մէջ Հոլլանտ-Ալիեւ հանդիպումին ընթացքին, ըստ Էլիզէի պալատի մամլոյ ծառայութեան, երկու նախագահները վերահաստատեցին փոխադարձ յանձնառութիւնը` աւելի զարգացնելու երկու երկիրներու տնտեսական եւ մշակութային կապերը:
Վիքթոր Հիւկոյի եւ Պալզաքի երկրին եւ Սաֆարովի երկրին միջեւ մշակութային կապերու, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Ֆրանսայի եւ քնացող անձ մը կացինահարող մարդասպան մը հերոսացնող Ալիեւի միջեւ բարեկամութեան մասին մտածելն իսկ նողկանք կը պատճառէ: Սակայն, գործնական գետնի վրայ, չորեքշաբթի Ալիեւ ամոլին ներկայութեամբ բացումը կատարուեցաւ Էյֆելի աշտարակին մօտ գտնուող Ազրպէյճանական մշակութային կեդրոնին: Ֆրանսական քաղաքակրթութեան խորհրդանիշ եղող աշխարհագրական վայրի մը մէջ այդպիսի երկրի մը «մշակութային» կեդրոնին ներկայութիւնը խայտառակութիւն է:
Ֆրանսայի իշխանութիւնները իրենց արժէքները զոհեցին Ազրպէյճանի հետ տնտեսական յարաբերութեանց բագինին վրայ: Բաղդատմամբ այդ բոլորին, Սաֆարովի ներում շնորհելէն քանի մը օր ետք, Ալիեւի այցելութիւնը ընդունելով ֆրանսահայութեան զգացումները վիրաւորելը իշխանութեանց համար պարզապէս մանրուք մըն է: Թերեւս կարելի է առարկել, որ Ալիեւ իբրեւ Լուվրի ցուցասրահին մեկենասներէն մէկը` պէտք է անոր բացումին ներկայ գտնուի, սակայն այդ պարագային կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ ֆրանսական իշխանութեանց համար 1 միլիոն եւրոն աւելի կարեւոր է, քան` Ֆրանսայի օրինակելի քաղաքացիներուն զգացումները:
Այս բոլորէն ետք, Ֆրանսայի նախագահին եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ սպասուած հանդիպումը յաւելեալ կարեւորութիւն կը ստանայ: Հանդիպում մը, որ նախագահին օգոստոսեան արձակուրդէն ետք նախատեսուած էր: Ի դէպ, Ֆրանսայի նորընտիր նախագահին այդ արձակուրդը արգելք չեղաւ, որ ան հազարումէկ այլ հանդիպումներ ունենայ: Յամենայն դէպս, օգոստոսը եկաւ ու անցաւ, սակայն կը թուի, թէ այս պարագային այդ «արձակուրդը» տակաւին կը շարունակուի:
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print



