Յայտարարութիւններ ( 20 Սեպտեմբեր 2012 )
By adminx - Thu Sep 20, 6:00 am
- 0 Comments
- 221 views
- Tweet
Email
Print
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
ՆՈՒԱԶՈՒՐԴԻ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը թիւ 478 կալուածին վրայ բնակութեան շէնքեր, առեւտրական խանութներ եւ ինքնաշարժներու յատուկ կառատան շէնքեր կառուցելու նպատակով դարձեալ նուազուրդ կը յայտարարէ:
Պայմաններու գրքոյկն ու քարտէսները ստանալ փափաքողները պարտին ներկայանալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան` պաշտօնական աշխատանքներու ընթացքին:
Նուազուրդը կատարելու թուականը որոշուած է չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին: Առաջարկները պէտք է ներկայացուին նուազուրդի կատարման թուականին նախորդող օրը` կէսօրուան ժամը 12:00-էն առաջ:
Պայմաններու գրքոյկին ու քարտէսներուն փոխարժէքը 3.000.000 լ. ո. (երեք միլիոն լիբանանեան ոսկի) է: Նախապէս նուազուրդին մասնակցողները զերծ կը մնան այս գումարին վճարումէն:
ԾԱՆՕԹ.- Այս գործարքին գինը սահմանուած է 35.500.000.000 լ. ո. (երեսունհինգ միլիառ եւ հինգ հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի), իսկ քաղաքապետարանին կողմէ ընդունելի առաւելագոյն նուազումը` գումարին 15 առ հարիւրն է:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄԸՍԸՐԼԵԱՆ
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Աբօ եւ Զեփիւռ Թաշճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Շաւարշ եւ Զարուկ Չատըրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Սօսի Առաքելեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ֆրետ եւ Անի Նայկարտ եւ զաւակունք
Տիկին Լուսին Սարգիսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Արմենակ Եղիայեան եւ զաւակունք
Տիկին Հայաստան Զէքէեան եւ զաւակունք
Տիկին Ատել Թաշճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պշարա եւ Ցոլեր Մըզաննար
Թաշճեան եւ Առաքելեան ընտանիքներ
Այնեճեան եւ Անտոնեան ընտանիքներ
Ֆէրմանեան եւ Մըզաննար ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԶԱՊԷԼ ԹԱՇՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԵՂԻԱՅԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի ուրբաթ, 21 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ շաբաթ, 22 եւ կիրակի, 23 սեպտեմբերին, հանգուցեալին զաւկին` տէր եւ տիկին Աբօ եւ Զեփիւռ Թաշճեաններու բնակարանը` Ժալ էլ Տիպ, «Հարպոյեան» շէնք, Պլոք Ը, 9-րդ յարկ:
————————————————————————————–
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
ՇԹՈՐԱՅԻ` ԺԱԼԱԼԱՅԻ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք Շթորայի եւ շրջանի մեր ազգայիններուն, որ կիրակի, 23 սեպտեմբեր 2012-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի ՇԹՈՐԱՅԻ` ԺԱԼԱԼԱՅԻ Ս. ՄԱՏՐԱՆ մէջ:
Ս. պատարագին պիտի նախագահէ եւ իր հայրական պատգամը յաւուր պատշաճի փոխանցէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմի
Ս. պատարագի սկիզբ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք Շթորայի եւ շրջանի մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու օրուան սուրբ խորհուրդին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԶԱՀԼԷԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ
————————————————————————————–
Ս. ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐԻ ՏՕՆԻՆ
ԵՒ ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի կիրակի, 30 սեպտեմբեր 2012-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի պատարագէ, յաւուր պատշաճի պիտի քարոզէ եւ մատաղօրհնէքի արարողութեան պիտի նախագահէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմի
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 12:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան, լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը եւ վերանորոգուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————————————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՐԻՆ ՉԵՐՉԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 23 սեպտեմբեր 2012-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————————————————————–
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ազգային վարժարանի առաքելութեան եւ անոր անփոխարինելիութեան ջերմօրէն հաւատացող մեր բարերար ազգայիններէն Աքսոր Գասարճեանի յիշատակին, «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտը 2012-2013 կրթական տարեշրջանին համար կրթանպաստ պիտի յատկացնէ Ազգային նախակրթարաններու աշակերտներուն:
Այս բացառիկ առիթէն օգտուիլ փափաքող մեր ծնողներէն կը խնդրուի ներկայանալ իրենց զաւկին յաճախած Ազգային վարժարանի քարտուղարութեան, երկուշաբթի, 24 սեպտեմբերէն սկսեալ մինչեւ ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2012` ստանալու համար «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտի դիմումնագիրը:
Լիայոյս ենք, որ «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտի վերահաստատումը ջերմօրէն պիտի դիմաւորուի Ազգային վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն ծնողներուն կողմէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————————————————————–
ԱՖՀԻԼ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ուրախ է յայտարարելու, թէ 2012-2013 տարեշրջանին համար հաստատած է նաեւ երկրորդականի աշակերտներուն համար ֆոնտ մը:
Ա.- ԱՖՀԻԼ ֆոնտին կրնան դիմել հայկական վարժարան յաճախող երկրորդականի բոլոր աշակերտները:
Բ.- Դիմումնագիրները կարելի է ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն` երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2012-էն սկսեալ:
Գ.- Դիմումնագիրները ԱՖՀԻԼ յանձնելու պայմանաժամ ճշդուած է 15 հոկտեմբեր 2012-ը:
Դ.- Իւրաքանչիւր ընտանիք միայն մէկ դիմումնագիր կրնայ ներկայացնել:
ԱՖՀԻԼ-Ի
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏ
————————————————————————————–
ՍՐԲ. ԱԳՆԷՍ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ
ՎԱՐԺԱՐԱՆ
(Հեռ. 01-261139)
2012-2013 տարեշրջանի լրացուցիչ արձանագրութիւնները` հին եւ նոր աշակերտներուն համար, կը սկսին երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-էն 1:00, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:
Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ բերել
- Ինքնութեան թուղթի լուսապատճէն կամ «Իխրաճ-քայտ», 2 լուսանկար եւ նախորդ տարուան վիճակացոյցը:
- Համազգեստները եւ գրենականը կը վաճառուին երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերէն սկսեալ:
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
- Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր` նախակրթարան եւ միջնակարգ
- Հինգշաբթի, 4 հոկտեմբեր` մանկապարտէզ եւ մանկամսուր:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Համալսարանաւարտ, ֆրանսերէն ուսումով ուսուցիչ մը` միջնակարգի անձնական դասերու համար, Պուրճ Համուտի մէջ, օրական 1,5 – 2 ժամ: Հեռ. 70/968561:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Արական հագուստի վաճառատուն մը` Պէյրութի կեդրոնական շուկային մէջ, կարիքը ունի նախընտրաբար համալսարանական կամ վաճառելու փորձառութիւն ունեցող, երկսեռ երիտասարդ վաճառողներու, արաբերէն, անգլերէն կամ ֆրանսերէն գիտնալը` պայման:
Վճարումի լաւ պայմաններ, ամսական + շահաբաժին + տաման: Դիմել` հեռ. 01-260013 կամ 03-622643:
—————————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ
Այնճարի մէջ, 4200 քառ. մեթր, գետեզերք: Հեռաձայնել 03-387439 կամ 03-247807 թիւերուն:
—————————————————————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Սեդրակ Տէօլտիւլեանի մահուան առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Աննայեան ընտանիք 50,000 լ. ո., Յարութ Գիօղլանեան 15,000 լ. ո., Յակոբ Պոյաճեան 20,000 լ. ո., Հրանդ Մագտեսեան 100,000 լ. ո., Արփի Խաչատուրեան 20,000 լ. ո., Աբիկ Նուրիկեան 50,000 լ. ո., Պարգեւ Խանճեան 100$, Րաֆֆի Թորանեան 40,000 լ. ո., Ժորժ Նասըր 40,000 լ. ո., Ալեքս Ասմար 50,000 լ. ո., Նիքոլա Սմաան 20,000 լ. ո., Յարութ Սոֆեան 50$, Նիքոլա Ռաշետ 20,000 լ. ո., շէնքին վարձակալներէն 50,000 լ. ո., Ռազմիկ Մաւլեան 50,000 լ. ո., Արմէն Թաթեան 50$, Զարմինէ Պետրոսեան 20,000 լ. ո., Արի Թաթեան 50,000 լ. ո.:
Գէորգ Չաքմաքճեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի Ազգային Աբգարեան վարժարանին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Սարգիսեան 100,000 լ. ո., Ռաուտայի տիկնանց յանձնախումբ 100,000 լ. ո., «Թեհլիրեան» ակումբի ընկերներ 40,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Զատուր Սեմերճեան 50,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Պետիկ Չաքրեան 30,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Աւետիս Արթին 50,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Ատել Մաժտալանի 50,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Պօղոս Թոփալճիքեան 30,000 լ. ո., տիկին Թամամ Մելքոնեան 30,000 լ. ո., տիկին Մարի Մելքոնեան 50,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յովհաննէս Ճուլֆայեան 100,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Անդրանիկ Սերոբեան 50$, տէր եւ տիկին Ժան Չաքըրեան 50$, տէր եւ տիկին Եղիկ Լափաճեան 20$, տէր եւ տիկին Պետիկ Չաքրեան 50$:
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ
27 սեպետմբեր 2012
18 հոկտեմբեր 2012
14 նոյեմբեր 2012
21 նոյեմբեր 2012
18 դեկտեմբեր 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւն
ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ ՕՐ
20 հոկտեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 նոյեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն
6 նոյեմբեր 2012
30 նոյեմբեր 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 221 views
- Tweet
Email
Print



