Նախագահ Սարգսեան Մասնակցեցաւ Վիքթոր Համբարձումեանի Անուան Միջազգային Գիտական Մրցանակի Տուչութեան
By adminx - Thu Sep 20, 7:50 am
- 0 Comments
- 71 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր Հայաստանի գիտութիւններուն ազգային ակադեմիային մէջ մասնակցեցաւ Հայաստանի ազգային հերոս, ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեանի անուան միջազգային գիտական մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան նուիրուած Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ արտակարգ ընդլայնուած ընդհանուր ժողովին:
Վ. Համբարձումեանի անուան միջազգային մրցանակի յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան ներկայացուց յանձնախումբին որոշումով 2012 թուականին մրցանակի արժանացած գիտնականները` Եան Էյնասթոն եւ Իկոր Նովիքովը: Յանձնախումբի նախագահը իր ելոյթին մէջ նշեց, որ 2012 թուականին մրցանակի համար յանձնախումբը աշխարհի տարբեր երկիրներու գիտութիւններու ազգային ակադեմիաներէն, համալսարաններէն, աստղադիտարաններէն եւ նոպելեան մրցանակի դափնեկիրներէն ստացած է ականաւոր գիտնականներու եւ գիտական խումբերու 12 առաջադրում: Վերոնշեալ երկու գիտնականներու ընտրութիւնը կատարուած է ներկայացուած բոլոր աշխատանքներու ուսումնասիրութեան, ինչպէս նաեւ անկախ գրախօսներու կարծիքներուն հիման վրայ:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց մրցանակի արժանացած ականաւոր գիտնականները եւ յանձնեց մրցանակները:
Նշենք, որ մրցանակատուչութեան աջակցած է «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու համահայկական հիմնադրամը:
- 0 Comments
- 71 views
- Tweet
Email
Print



