Sunday May 19, 2013

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Բանակը Զինելու Ծրագիրը

By adminx - Thu Sep 20, 7:44 am

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստը, նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը իշխանութեան Ա. եւ Գ. պետերուն միջեւ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ յատկապէս ապահովական իրադարձութիւնները:

Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց 47 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն շրջագիծին մէջ վաւերացուց լիբանանեան բանակը զինելու 1,6 միլիառ տոլարի համազօր ծրագիրը, որ պիտի գործադրուի հինգ տարուան ընթացքին:

Կառավարութիւնը տուաւ նաեւ այլ որոշում մը, որուն հիմամբ բջիջային հեռաձայնի թիւեր վաճառելու պարագային անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ներկայացնել անձնաթուղթեր:

Պէտք է նշել նաեւ, որ կառավարութեան երէկուան նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան ապահովական կառոյցներու պետերը, որոնց շարքին` լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի եւ ուրիշներ:

Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի գործակցութեան մասին ծրագիր մը, որուն մէկ բաժինը ենթարկուեցաւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, պետական նախարար Ալի Քանսոյի, երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի եւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինի դիտողութեան:

Սակայն հակառակ այդ դիտողութիւններուն, կառավարութիւնը վաւերացուց Լիբանան-Ֆրանսա գործակցութեան ծրագիրը պաշտպանութեան մարզին մէջ:

Նշենք, որ կառավարութեան նիստը տակաւին չաւարտած, լիբանանեան բանակը կրցաւ ազատ արձակել Զահլէի մէջ շաբաթ մը առաջ առեւանգուած քաղաքացի Ֆուատ Տաուտը` առեւանգողներուն հետ բախումներէ ետք:

Տաուտ բանակին կողմէ ազատ արձակուեցաւ Պաալպեքէն, ուրկէ ան փոխադրուեցաւ Ապլահի զինուորական կեդրոնը եւ ապա Զահլէ:

Այս մասին իր կատարած յայտարարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ 7 օրէն Լիբանանի մէջ առեւանգումները վերջնականապէս պիտի դադրին:

Միւս կողմէ, ան նշեց նաեւ, որ ինք մօտ օրէն պիտի այցելէ Թուրքիա` շարունակելու համար Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն լաւատես ըլլալու:

 

Leave a Reply

Advertisement